Հանրապետութեան տարածքին մէջ`
Յունիս 21-22-ին առաւելապէս երեկոյեան ժամերուն, 23-24-ին՝ գիշերը եւ կէսօրէ ետք, 25-ին՝ կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, տեղ-տեղ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ Քամին`հարաւարեւմտեան` 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի նաեւ քամիի ուժգնացում՝ 17-20 մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը յունիս 21-24-ին ցերեկային ժամերուն աստիճանաբար պիտի նուազի 5-7 աստիճանով։
Երեւան քաղաքին մէջ՝
Յունիս 22-ի երեկոյեան ժամերուն քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է, 23-ի երեկոյեան, 24-ին օրուան ընթացքին կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ 15-18մ/վ արագութեամբ։ Յունիս 25-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։