«Տիգրանակերտի եկեղեցին թէեւ մինչեւ այս պահը կը մնայ կանգուն, բայց յայտնուած է շատ անմխիթար վիճակի մը մէջ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Ռաֆֆի Պետրոսեան: Պետրոսեան, որ բնիկ տիգրանակերտցի է եւ մօտէն կը հետեւի իր ծննդավայրին մէջ ընթացող զարգացումներուն, նշեց, թէ « Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին մէջ աղբ լեցուած է, եւ Սուրբ եկեղեցին մէզ կը հոտի»: Պետրոսեան նաեւ նշեց, որ «շրջանին մէջ եղող զինուորներ իրենց պէտքերը հոն կը հոգան, փոխանակ օգտուելու եկեղեցիին մօտ եղող պէտքարաններէն»: Ըստ մեր խօսակիցին, Տիգրանակերտի «Կեավուր Մահալլաս»ն, որ յայտնի էր իր հայ բնակչութեամբ, ամբողջութեամբ դարձած է աւերակ: Ըստ Պետրոսեանի, «Ամիսներէ ի վեր վիճակը կը շարունակէ մնալ շատ ծանր եւ մեր հայրենակիցներէն շատ-շատերը ստիպուած եղած են շրջանէն հեռանալ եւ տեղափոխուիլ Պոլիս կամ այլ քաղաքներ: Կան նաեւ հարիւրաւոր թաքուն հայեր, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ունինք, անոնք հեռացած են շրջանէն եւ իրենց մասին անհնար եղաւ տեղեկութիւններ ճշդել»: Պետրոսեան նաեւ ըսաւ, որ Անգարայի Տիարպէքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու պետականացման օրէնքի հրապարակումէն ետք Պոլսոյ մէջ կազմուած է յատուկ մարմին մը, որ դատական հայց ներկայացուցած է այդ օրէնքը չեղեալ համարելու ու կալուածները համայնքին վերադարձնելու համար: Ան նշեց, որ բացուած դատը, եկեղեցիէն բացի կ'առնչուի 17 այլ կալուածներու եւ շէնքերու, նշելով, որ այսօր Տիարպէքիրի մէջ կան հայութեան պատկանող աւելի քան 200 կալուածներ, որոնք նոյնպէս կարելի բոլոր միջոցներով պէտք է հայութեան վերադարձուին: Պետրոսեան նշեց, որ նկատի առնելով Տիարպէքիրի մէջ տիրող պայմանները, իրենք այս տարի հրաժարած են ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն» ծրագրին մասնակցելէ: