image
Հրատապ լուրեր:

Սուրբ Կիրակոսի եկեղեցիի մէջ աղբ լեցուցած է, եւ Սուրբ եկեղեցին Մէզ կը հոտի. Ռաֆֆի Պետրոսեան

Սուրբ Կիրակոսի եկեղեցիի  մէջ  աղբ լեցուցած է, եւ Սուրբ   եկեղեցին  Մէզ կը հոտի. Ռաֆֆի Պետրոսեան

«Տիգրանակերտի  եկեղեցին  թէեւ   մինչեւ այս պահը կը մնայ կանգուն, բայց   յայտնուած է   շատ անմխիթար  վիճակի մը մէջ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ    Ռաֆֆի  Պետրոսեան: Պետրոսեան, որ  բնիկ տիգրանակերտցի է եւ մօտէն կը հետեւի իր ծննդավայրին մէջ ընթացող զարգացումներուն, նշեց, թէ « Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին մէջ աղբ լեցուած է, եւ  Սուրբ եկեղեցին  մէզ կը հոտի»: Պետրոսեան նաեւ  նշեց, որ «շրջանին մէջ եղող զինուորներ իրենց պէտքերը հոն կը հոգան, փոխանակ  օգտուելու եկեղեցիին մօտ եղող պէտքարաններէն»: Ըստ մեր խօսակիցին,  Տիգրանակերտի «Կեավուր Մահալլաս»ն, որ  յայտնի էր իր հայ բնակչութեամբ,  ամբողջութեամբ դարձած է աւերակ: Ըստ Պետրոսեանի, «Ամիսներէ ի վեր վիճակը կը շարունակէ մնալ  շատ ծանր եւ մեր հայրենակիցներէն  շատ-շատերը ստիպուած եղած են  շրջանէն հեռանալ եւ տեղափոխուիլ Պոլիս  կամ այլ քաղաքներ: Կան  նաեւ հարիւրաւոր թաքուն հայեր, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն  ունինք, անոնք    հեռացած են  շրջանէն  եւ  իրենց մասին անհնար  եղաւ տեղեկութիւններ  ճշդել»: Պետրոսեան նաեւ ըսաւ, որ  Անգարայի  Տիարպէքիրի Սուրբ  Կիրակոս եկեղեցիին,  ինչպէս  նաեւ   եկեղեցապատկան  կալուածներու պետականացման օրէնքի  հրապարակումէն ետք  Պոլսոյ մէջ կազմուած է յատուկ մարմին մը, որ   դատական հայց ներկայացուցած է  այդ օրէնքը չեղեալ համարելու ու կալուածները համայնքին վերադարձնելու համար:  Ան նշեց, որ   բացուած դատը, եկեղեցիէն բացի  կ'առնչուի  17 այլ   կալուածներու եւ շէնքերու, նշելով, որ այսօր Տիարպէքիրի  մէջ կան  հայութեան  պատկանող  աւելի քան  200 կալուածներ, որոնք    նոյնպէս  կարելի բոլոր  միջոցներով  պէտք  է հայութեան վերադարձուին:  Պետրոսեան նշեց, որ նկատի  առնելով  Տիարպէքիրի մէջ տիրող պայմանները, իրենք այս տարի հրաժարած են  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Արի Տուն»  ծրագրին  մասնակցելէ: