Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Իրանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ ունեցած հանդիպման աւարտին որոշած են Ռուսիոյ մէջ «Ազգային համագումար» հրաւիրել, որուն ներկայ պիտի գտնուին Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդումութեան ներկայացուցիչներ, հաւաստիացնելով, որ համագումարը Ժնեւի խաղաղութեան հաստատման գործընթացի նախաքայլը պիտի ըլլայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:
Իր հերթին Էրտողան յայտնած է, որ համագումարի կազմակերպման աշխատանքներն իրենց վրայ պէտք է վերցնեն Անգարան, Թեհրանն ու Մոսկուան, եւ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս գան, որպէս նշուած համագործակցութեան առաջին քայլ:
Աւելի ուշ Էրտողան յայտնած է նաեւ, որ Թուրքիոյ առաջնային խնդիրներէն մէկը պիտի ըլլայ Սուրիոյ հողային միասնութեան եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնացող ահաբեկչական տարրերու վերացումը, նկատի ունենալով քրտական ժողովրդական պաշտպանութեան միաւորները:
«Պէտք չէ ոեւէ անձ ակնկալէ, որ մեզ եւ ահաբեկիչները մէկ տարածաշրջանի մէջ տեսնել»,- յայտնած է Էրտողան:
Միւս կողմէ Ռոհանի նոյնպէս կարեւորած է յառաջիկայ համագումարը, միաժամանակ յայտարարելով, որ նախքան համագումարը, երեք երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաները հանդիպում պիտի ունենան:
Ռոհանի նշած է նաեւ, որ ոչ մէկ պատճառաբանութեան դիմաց կարելի է ընդունիլ որեւէ օտարերկրեայ ուժի գոյութիւնը Սուրիոյ մէջ, եթէ կառավարութիւնն իր հաւանութիւնը չէ տուած: