image

Ստեփան Ստեփանեանը ստանձնեց պատգամաւորի իր պարտաւորութիւնները

Ստեփան Ստեփանեանը ստանձնեց պատգամաւորի իր պարտաւորութիւնները

Ստեփան Ստեփանեանը երդմամբ ստանձնեց պատգամաւորական մանդատը՝ խորհրդարանին մէջ  փոխարինելով Մանէ Թանդիլեանին, որ վաղաժամ դադրեցուցած էր լիազօրութիւնները:

 Ստեփանեանը մանդատը ստանձնեց ԱԺ 4 սեպտեմբերի արտահերթ նիստի ժամանակ:

«ԿԸՅ-ն ներկայացուցած է ԱԺ պատգամաւոր ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամ դադրեցուցած պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեանի մանդատը յաջորդ թեկնածուին տրամադրելու մասին թիւ հինգ արձանագրութիւնը, ըստ որու` մանդատը կը տրամադրուի «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան թիւ չորս տարածքային ընտրական ցուցակի առաւելագոյն ձայներ ստացած յաջորդ թեկնածու Ստեփան Ստեփանեանին»,-յայտարարած է ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

Ստեփան Ստեփանեանը ԱԺ ամպիոնէն երդմամբ ստանձնեց պատգամաւորական մանդատը: