Լիբանան- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)- Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ խոստովանած է, որ Լիբանանը սխալած է Ծոցի երկիրներու նկատմամբ, հաստատելով, որ այս սխալը պիտի սրբագրուի, յառաջիկային յարգելով արաբական համաձայնութիւններու բոլոր շահերը: Այս մասին կը փոխանցէ «Շարք Ալ-Աուսաթ», նշելով, որ Թամմամ նոյն թերթի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, քննադատած է կարգ մը արաբական երկիրներու մէջ Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի ունեցած դերը եւ միջամտութիւնները, յայտնելով, որ արաբական երկիրներու կողմէ այս ոտնձգութիւններուն դէմ առնելը օրինական է: Թամմամ նաեւ նշած է, որ «Հըզպալլա»ի ազդեցութեան դէմ պայքարելու միակ լուծումը պետութիւնն է, մերժելով որ «Հըզպալլա»ն Լիբանանը դարձնէ արաբական երկիրներու դէմ պայքարելու ամպիոն: «Ինչ կը վերաբերի Ծոցի եւ ընհանապէս արաբական երկիրներու անվտանգութեան եւ կայունութեան, մենք կողմնակից ենք որեւէ գործառնութեան, որ կը կատարուի անվտանգութիւնը խախտող որեւէ լիբանանցիի հասցէին» ընդգծած է վարչապետը:
«Շարք Ալ-Աուսաթի» հետ զրոյցին Թամմամ արդարացնելով «Հըզպալլա»ի դէմ ճակատ չբանալու արարքը, նաեւ նշած է, որ իր կառավարութեան վիճակը «առողջ չէ», եւ ինք նախագահական դատարկութեան եւ խորհրդարանի անդամալուծութեան այս պայմաններուն մէջ ամէն ջանք կը գործադրէ փրկելու զայն փլուզման վտանգէն, որովհետեւ անոր փլուզումը կը նշանակէ Լիբանանի փլուզումը: Ան նաեւ բացայայտած է, թէ ինք անգամ մը նոյնիսկ հրաժարական ներկայացուցած էր, երբ զգացած էր, որ անելանելի վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ նշած, որ մինչեւ օրս հրաժարական տալու հաւանականութիւնը առկայ է, այն պահուն, երբ զգայ որ իր ներկայութիւնը ոչ մէկ օգուտ պիտի տայ Լիբանանին: