image

Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ 2027 թուականի պիւտճէի նախագիծին

Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ 2027  թուականի պիւտճէի նախագիծին

Հայաստանի կառավարութիւնը Հոկտեմբեր 1-ի նիստին հաւանութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան 2027 թուականի պետական պիւտճէին մասին» օրէնքի նախագիծին։ Կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը պիտի ներկայացուի Ազգային ժողովի քննարկման։

Նախագիծով 2027 թուականի պետական պիւտճէի եկամուտները նախատեսուած են 3 թռիլիոն 603,8 միլիառ դրամ, ծախսերը՝ 4 թռիլիոն 72 միլիառ դրամ, իսկ պիւտճէի պակասուրդը՝ 468,2 միլիառ դրամ։

Եկամուտներէն շուրջ 3 թռիլիոն 462,7 միլիառ դրամը նախատեսուած է ստանալ հարկային եկամուտներէ եւ պետական տուրքերէ։ Պաշտօնական դրամաշնորհները պիտի կազմեն շուրջ 14,2 միլիառ դրամ, իսկ այլ եկամուտները՝ 126,9 միլիառ դրամ։

Նախագիծին համաձայն՝ պիւտճէի պակասուրդը նախատեսուած է ֆինանսաւորել ներքին աղբիւրներէ՝ շուրջ 187,5 միլիառ դրամի, եւ արտաքին աղբիւրներէ՝ շուրջ 280,7 միլիառ դրամի չափով։