image

Վրացի լրագրողները ընդդէմ վարչապետին

Վրացի լրագրողները ընդդէմ վարչապետին

Վրացական տասնեակ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ հաւաքուած են Թիֆլիսի կեդրոնը գտնուող Ռուսթաւելի պողոտայ՝ պահանջելով երկրի կառավարութեան հրաժարականը վարչապետ՝ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի գլխաւորութեամբ: Այս մասին տեղեկացուցած է «Կրուզիա-օնլայն»-ը:

Անցեալ կիրակի Վրաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր սկսած էին «Փիրվելի» հեռուստաընկերութեան աշխատակից՝ Լեքսօ Լաշքարաւայի մահէն ետք, որ դաժան ծեծի ենթարկուած էր ԼԿՊՏ հակառակորդներու կողմէ, երբ 5 Յուլիսին Թիֆլիսի մէջ կը լուսաբանէր անոնց հանրահաւաքը: Լրագրողներն ու քաղաքացիները իջած են փողոց ողջ երկրին մէջ:

Երէկուայ բողոքին միացած են նաեւ ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, հասարակական գործիչներ եւ շոու աստղեր: