image

Հայաստանի ռազմական պիւտճէն յառաջիկայ տարի պիտի աճի

Հայաստանի ռազմական պիւտճէն յառաջիկայ տարի պիտի աճի

 

Հայաստանի կառավարութիւնը մտադիր է աւելցնել երկրի ռազմական պիւտճէն՝ 563 միլիառ դրամէն հասցնելով 616,5 միլիառ դրամի՝ շուրջ 1,7 միլիառ տոլարի։

2026-ին, 2025-ի համեմատ, պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէն կրճատուած էր գրեթէ 15 տոկոսով, իսկ այժմ նախատեսուած է 9,5 տոկոսով աւելցնել զայն։ Յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէի նախագիծը ներառուած էր կառավարութեան 1 Հոկտեմբերի նիստի օրակարգին եւ հաստատուած է։

616,5 միլիառ դրամէն աւելի քան 613 միլիառը պիտի ուղղուի «Պաշտպանութեան ապահովում» ծրագիրին։ Այն կը ներառէ Հայաստանի զինուած ուժերու պահպանումը, ռազմական եւ մարտական սարքաւորումներու, փոխադրամիջոցներու, կապի համակարգի սարքաւորումներու, զօրանոցային եւ տեխնիկական գոյքի, սնունդի, հանդերձանքի, վառելիքաքսուքային նիւթերու սահմանուած պաշարներու մակարդակի ապահովման, զէնքի եւ զինամթերքի հնարաւոր ներքին գնումներու, բանակի մարտունակութեան եւ կենսապահովման պահանջներու բաւարարման ծախսերը։

Ռազմաբժշկական ուղղութեամբ կառավարութիւնը կը նախատեսէ ծախսել 1 միլիառ 70 միլիոն դրամ, եւս 974 միլիոն դրամ պիտի ուղղուի միջազգային ռազմական համագործակցութեան, իսկ 306 միլիոն դրամ՝ մարդասիրական ականազերծման։