image

Ատրպէյճանի հետ համաձայնութիւն կնքելը առաջնահերթութիւն. Փաշինեանի դիտարկումը

Ատրպէյճանի հետ համաձայնութիւն կնքելը  առաջնահերթութիւն. Փաշինեանի դիտարկումը

Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է խաղաղութեան նկատմամբ հանրային վստահութիւնը հասցնէ վերջնական արդիւնքի՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման եւ վաւերացման։ Հոկտեմբեր 1-ի կառավարութեան նիստին այս մասին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

 

Անոր խօսքով՝ տնտեսական աշխուժութիւնն ու անշարժ գոյքի շուկայի ցուցանիշերը կը վկայեն քաղաքացիներու լաւատեսութեան մասին։

«Տնտեսութիւնը մեծապէս կապուած է մարդկանց սպասումների եւ տրամադրութիւնների հետ: Տնտեսական ցուցանիշներն արտայայտում են խաղաղութեան նկատմամբ վստահութիւնը՝ չնայած լրահոսում շրջանառուող խուճապային գնահատականներին», —ըսած է վարչապետը:

 

Ան վստահեցուցած է, որ խաղաղութիւնն արդէն իրականութիւն դարձած է, սակայն տակաւին ամբողջութեամբ հաստատութենականացած չէ։ Փաշինեանի համոզումով՝ կառավարութիւնը պէտք է արդարացնէ մարդոց սպասումները եւ գործընթացը հասցնէ աւարտին։

«Միջանկեալ հանգրուանին հասել ենք։ Բայց դա միջանկեալ հանգրուան է, վերջնական հանգրուան չի։ Եւ պէտք է դէպի վերջնական հանգրուանը շարժուենք», — աւելցուցած է ան:

Խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման եւ վաւերացման անհրաժեշտութեան պարունակին մէջ կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է նաեւ TRIPP նախագիծին, սահմանազատման, ճամբաներու ապաշրջափակման, Թուրքիոյ հետ գործընթացին, «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիին եւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» հայեցակարգին։

Նիկոլ Փաշինեան կոչ ըրած է կառավարութեան անդամներուն՝ քաղաքական ուղերձներն ու ռազմավարութիւնները ձեւաւորելու այս առաջնահերթութեան շուրջ՝ կեդրոնանալով բուն խնդիրներուն եւ գործնական լուծումներուն վրայ։

Գործադիրի ղեկավարը աւելցուցած է, որ «ամէնօրեայ տեղեկատուական աղմուկը» պէտք չէ շեղէ իշխանութիւնները գլխաւոր նպատակի իրականացումէն։