image

Պէյրութ. Մեսրոպեան կը մեկնարկէ «VOILA!» յետ-դպրոցական կրթական նոր ծրագիրը 


Պէյրութ. Մեսրոպեան կը մեկնարկէ «VOILA!» յետ-դպրոցական կրթական նոր ծրագիրը    


Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը նոր ուսումնական նախաձեռնութեամբ մը կը հարստացնէ իր աշակերտներուն յետ-դպրոցական ժամերը։ «VOILA!» ծրագիրը, Bright Minds-ի գործակցութեամբ, նպատակ ունի դպրոցական ուսումը շարունակել աւելի կազմակերպուած, աջակցող եւ ստեղծագործ միջավայրի մէջ։

Ստորեւ Մեսրոպեան Վարժարանի Տեղեկատուական Համակարգին կողմէ այդ մասին խմբագրութեանս յղուած հաղորդագրութիւնը՝

Յետ-դպրոցական Ժամերու Ոսուցման Նոր Ծրագիր.
"VOILA!"․ Ուրկէ ուսումը կը շարունակուի, եւ երիտասարդ միտքերը կը փայլին

Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը ուրախութեամբ կը յայտարարէ յետ-դպրոցական ժամերու կրթական իր նոր ծրագիրի՝ «VOILA! – L’après-école Mesrobian»ի մեկնարկը՝ Bright Minds մասնագիտացած կրթական կազմակերպութեան հետ գործակցութեամբ։


«VOILA!» ծրագիրը կը միտի հանդիսանալ դպրոցական առօրեային բնական շարունակութիւնը ՝ աշակերտներուն տրամադրելով խնամքով կառուցուած եւ կրթականօրէն արդիւնաւէտ միջավայր մը, ուր անոնք դպրոցական պարտականութիւնները կրնան կատարել մասնագէտներու առաջնորդութեամբ, ամրապնդել իրենց ստացած գիտելիքները եւ աւելի ինքնավստահ կերպով յառաջանալ իրենց ուսումնական ճանապարհին վրայ։


Ծրագիրը մշակուած է Bright Minds-ի յետ-դպրոցական ժամերու ուսումնական աջակցութեան հայեցակարգին հիման վրայ։ Անիկա կը շեշտադրէ դասերու կրկնութիւնը (Révision des leçons), տնային պարտականութիւններու աջակցութիւնը (Aide aux devoirs), դպրոցական առօրեայ աշխատանքներու կազմակերպուած հետեւիլը (Agenda), գիտելիքներու եւ հմտութիւններու ամրապնդումը եւ աշակերտին անհատական կարիքներուն համապատասխան կրթական ուղղորդումը։ Նպատակն է ոչ միայն օգնել աշակերտին կատարել իր առօրեայ դպրոցական պարտականութիւնները, այլ նաեւ նպաստել անոր ինքնիւրոյնութեան, ստեղծագործ մտածողութեան եւ անձի զարգացման։


«VOILA!» ծրագիրը նախատեսուած է տարրական բաժինի՝ EB1-էն մինչեւ EB6 դասարաններու աշակերտներուն համար։ Ծրագիրը կը գործադրուի Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն ներս, յետ-դպրոցական ժամերուն՝ ժամը 14:30-էն մինչեւ 17:00։


«VOILA!»ի միջոցով Մեսրոպեան կը ձգտի իր աշակերտներուն առաջարկել ոչ միայն լրացուցիչ ուսումնական աջակցութիւն, այլ նաեւ այնպիսի միջավայր մը, ուր գաղափարները կը զարգանան, իսկ մանուկները կը փայլին։