Հայաստան-Սփիւռք Կարգավիճակները Եւ Յարաբերութիւնները
Նախորդ յօդուածով գրած էի, որ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կրնա՞ն դառնալ անկիւնադարձային ու վերածուիլ նոր ուժականութեան մը, աւելի ժողովրդավարական, արդարադատական, համաքաղաքացիական ու միասնական սկզբունքներով, հայրենիքը ղեկավարելու եւ առաջնորդելու դէպի աւելի բարօր, կայուն ու բարգաւաճ օրրանի մը։
Այս մօտեցումն ու ակնկալութիւնը, ոչ միայն ակնկալելի էր, այլեւ՝ պարտադիր ու հրամայական, որպէսզի չկրկնուին կամ խուսափիլ նախորդ տարիներու անբաղձալի կացութիւններէն, փոթորկոտ ալիքներէն, ներթշնամական փորձութիւններէն եւ, ընդհանրապէս, բախումնային մթնոլորտներէն։
Եւ ո՜րքան իրաւացի էր հայութիւնը, այդ դժոխային պահերը, առնուազն, կը խնայէին բոլորը, որովհետեւ, տխրայուշ ու ցաւագին տրամադրութիւնները հասած էին դառն ողբերգութիւններու, ոչ միայն արկածախնդրութիւններու ու սովորամոլութիւններու շարունակուող ու բռնկուող պատճառներով, այլեւ՝ հոգեբանական ազդակները աւելի խորացնելով վէրքերը եւ ախտերը, իրենց զանազան բարդութիւններով, կնճիռներով, ծալքերով ու խորշումներով։
Թերեւս ալ, աւելին, երբ ողջմիտ ու գիտակից, իրատես ու շրջահայեաց, մտահոգ ու տանջուող հայութեան զաւակներ, անտանելի եւ անընդունելի կը գտնէին այն գզուըռտոցները ու ծեծուվըռտուքները, որոնց ականատես կը դառնային, մերթ կառավարական, մերթ ժողովրդական կառոյցներէն ու հրապարակներուն վրայ, խոր զայրոյթ պատճառելով ու հիասթափութեան արժանացնելով շատ-շատերը։
Չզարմանա՛լ. գտնուեցան հայկական բազմաթիւ շրջանակներ (հայրենական թէ սփիւռքեան), որոնք չէին դիմանար այդ անշնորհքութիւններուն, կը դատապարտէին, բայց լարուած ու ձգտուած «բռնկում»ները ամենօրեայ եւ ամենուրէք էին, երկիրը անդամալուծելու աստիճան, ելեկտրականացնելով ամէն ինչ, շարժում եւ, առհասարակ, բնական կենդանացում։
Կարելի է անվարան ըսել եւ յայտարարել, որ անցնող տարիներուն, ո՛չ երկիրը գտաւ իր անդորրութիւնը, ո՛չ ժողովուրդը իր անաչառութիւնը, ո՛չ ալ սփիւռքահայութիւնը՝ իր հանգստաւէտութիւնը, ընդհակառակը, հայաթափութիւնը ու տարտղնուածութիւնը, անհանդուրժողութիւնը ու դատապարտելիութիւնը, իսկ ոմանց մօտ անտարբերութիւնը եւ յուսահատութիւնը դարձան «մշտական» խոցեր, իրենց անբուժելիութեամբ եւ անդարմանութեամբ, այնքան ատեն որ՝ «պայքարի մարզադաշտերը», միշտ ի զօրու էին եւ ատոնք ի՜նչ վայրագութեամբ եւ անճոռնիութեամբ կ’ընթանային։
Սակայն, թատերաբեմը, միշտ կը նկատուէր Ազգային Ժողովը, իր բռնազբօսիկ ծայրայեղութիւններով եւ անզսպելի պոռթկումներով, ուր «թեր ու դէմ»ի պատգամաւորները, միշտ պատրաստ էին զիրար բզքտելու, վարկաբեկելու, անուանարկելու, յետոյ ալ, զիրար… խփելու։
Իսկ ժողովուրդը, ներսի ու դուրսի հոսանքներով, այդ բոլորին ականատես կ’ըլլար, կը վայելէ՜ր, որովհետեւ, այդպիսիներէն շատեր, դրածոյ էին, գրգռիչներ, խառնակիչներ եւ ապսպրուածներ, քանի այդ սրուած մթնոլորտներուն ջատագովներն ու գործադրողներն էին։
Արդէն այս թունաւոր պատկերը ի՞նչ ցոյց կու տայ, եթէ ոչ գիտակցական-դաւադրական ահաւոր տեսարաններ եւ արարներ, ուր՝ մասնակիցներուն մեծ մասը, հանդէս կու գար ապիկարական դերերով, ուրիշներ՝ անգլուխական լծակներով, մինչ՝ Ազգային Ժողովին մէջ, «մարտաշունչ» գովերգութիւնները եւ «արուեստական» ճոռոմաբանութիւնները զիրար կը հրմշտկէին, կարծելով որ՝ հոս կամ հոն կրնան շահոյթ մը ապահովել։
֍֍֍
Անշուշտ, այս բոլոր «զարտուղղութիւնները, այլանդակութիւններն ու չափազանցութիւնները», իրենց զանազան ու խայտաբղէտ երեւոյթներով, արդէն հայութեան մօտ ստեղծած էին, մեղմ ըսած, խորթապինդ, ցաւայոյզ եւ յոգնեցուցիչ հոգեր, որոնց դիմանալու կամ տոկալու համար, ո՜րքան ուժ ու համբերութիւն սպառած էին, թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեկան, թէ՛ բարոյական առումներով։
Ցաւալի է տեսնել եւ ապրիլ, նոր խորհրդարանական նախընտրական ու նախապատրաստական միջոցառումները, իրենց համապարփակ ու հաւաքական դրոյթներով, դժուար էիր ընդունիլ ու հաւատալ, որ եղան յօգուտ բարոյական ու խոստմնալիական խորհրդարանի մը կազմութեան, առաւել եւս՝ յոյսի եւ ոգիի, վերապրումի ու վերազարթօնքի հաւաստիքներ ներշնչելու։
Այս մասին իմ տագնապներս ու խորհրդածութիւններս միշտ հրապարակած եմ, միշտ վերապահութեամբ, ապա, դատելով ու վերլուծելով, որ նոր Ազգային Ժողովը, պիտի չըլլայ (ու չի կրնար ըլլալ) այն ամպիոնը, որ կրնայ Հայաստանը, ազգային ու համահայկական մակարդակներով դարձնել ողջունելի, համակերպելի ու վստահելի նոր եւ ամրակուռ յառաջխաղացքի մը ԻՍԿԱԿԱՆ սկզիբը, յաւերժական ու մշտնջենական սլաքներով։
Այդուհանդերձ, ինչպէս մենք, նաեւ ուրիշներ, ապրեցան դառնութիւններ եւ յուսախաբութիւններ, երբ տեսան ու զգացին, որ Ազգային Ժողովը, իր նախորդին կրկնօրինակն է, քիչ մըն ալ աւելիով, երբ իրենց վէճերով ու տարակարծութիւններով, անձնական թէ կողմնակի հարցերով զբաղեցան եւ, ինչպէս միշտ, նոյն բորբոքումներով ու հրմշտուքներով, զիրար յօշոտեցին, խօսքով թէ… ձեռքով, անգամ մը եւս ապացուցելով, որ այդ ընթացքը չի կրնար զիրենք դուրս բերել իրենց փուճ ու սին, անտեղի եւ անիմաստ ախորժակներէն։
Այս բոլորով հանդերձ, երբ կայ գործող խորհրդարան մը, թէկուզեւ կրքոտ ու նոյնիսկ խնդրայարոյց ընդդիմութեամբ մը, նաեւ՝ տակաւին մեծամասնութիւն կազմող իշխանական մասնակցութեամբ, յանձինս՝ «Քաղաքացիական պայմանագրութիւն» կուսակցութեան, նոյն կիրքերը կը շարունակուին իրարու դէմ, միշտ պրկուած պահելով՝ օրէնսդիր գործադիր իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ «մագլցող»ական յարձակումներով, ինչ-որ կը նշանակէ թէ՝ անոնց միջեւ՝ «հասարակաց գօտի»ներ չկան ու չեն ըլլալու, նման անհաշտելի եւ անհամակերպելի փաղանգներու միջեւ։
Արդէն, առաջին իսկ օրէն, զգալի ու հասկնալի դարձաւ, որ այս հակադիր բեւեռները, ԼՈՒՐՋ, ՀԻՄՆԱԿԱՆ եւ ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ օրակարգերու շուրջ, չունին ու պիտի չունենան, համապատասխան կեցուածքներ, տնօրինումներ ու լուծումներ, այլ՝ պիտի «զբաղին» զիրար փետտելով, մրոտելով ու ճանկելով, իսկ ատոնք ի՞նչ կը բերեն հայրենիքին, բացի ամօթանքէն ու խայտառակութենէն, երբ եւրոպական թէ յարակից պորտերէն ներս կը յուշուին, նոր ծրագիրներու, նախաձեռնութիւններու եւ ներդրումներու խոստմնալի հաւանականութիւններ։
Հայրենի ժողովուրդը, կէսով-կէս, կը հաւատայ ներկայ իշխանութիւններուն բերած ու բերելիք առաւելութիւններուն, հետեւաբար, ինչպէ՞ս կը տեսնէ կամ կը հասկնայ, նման բարդ վիճակի մը մէջ, իր գոյութիւնը պահելու ու զօրացնելու գրաւականները։
«Հիւսիսային պողոտան» կը փրկէ՞ օտար դրամագլուխներու ներհոսքը կը նպաստէ՞ Հայաստանին, եւ, միութիւնը (որ միշտ «խաբեբայութիւն» տածած է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին նկատմամբ), կրնա՞յ ապահով երաշխիք մը դառնալ, երէկուան դաշնակիցներէն հեռանալը, խոհեմակա՞ն քայլ մըն է։
Հարցեր ու հարցեր, իրենց անորոշութեամբ, մակերեսութեամբ ու խաբուսիկութեամբ, տակաւին ո՞ւր կրնան հասցնել Հայաստանն ու հայրենիքը։
֍֍֍
Այս հպանցիկ անդրադարձումի լոյսին տակ, ինչպէս անցեալին եւ ամէն առիթով, աչքիս առջեւ պարզուեցաւ նաեւ ուրիշ ՀՐԱՏԱՊՈՒԹԻՒՆ մը, որ թէեւ միշտ ալ օրակարգի վրայ է, բայց ներկայ պայմաններուն մէջ, կամ քիչ մը «մշուշոտ» մնացեր է կամ ալ՝ անհրաժեշտ լուսարձակներու տակ չի գտնուիր։
Ատիկա՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ յարաբերութիւններուն, կապերուն կամ կամուրջներուն մասին է, որոնք, հակառակ իրենց այժմէականութեան, անհրաժեշտութեան եւ անմիջականութեան, համարեա լուսանցքի վրայ կը գտնուին, երբ ատիկա աններելի է, անընդունելի եւ անարտօնելի, միանգամա՛յն։
Այս ուսանելի օրակարգը միշտ մտքիս ու մտածումներուս մէջ կ’արթնցնէ, Խորհրդային Հայաստանի շրջանին (ընդհուպ՝ 1964ին) երբ հիմնուեցաւ Սփիւռքի մշակութային կապի կոմիտէն, որուն բերած նպաստը, կատարած դերը ու գործած ներդրումները ՀՐԱՇՔԱՅԻՆ էին, իրենց իրագործումներով, բարգաւաճումներով ու զարգացումներով։
Որքան ուրախալի ու հպարտանալի էր այդ հայրենական-ազգային կառոյցին դերակատարութիւնը, ոչ միայն մշակութային նուաճումներով, այլեւ Հայաստանը ծանօթացնելով Սփիւռքին, Սփիւռքը՝ Հայաստանին, հայրենի գրողն ու հրապարակագիրը, զոյգ կողմերու մտաւորականները համախմբելու ճիգերով, գեղարուեստական ու պատմաբանական գրականութիւնները փոխանակելով հեղինակներուն միջեւ, հայրենի գրողներ հրաւիրելով Սփիւռք եւ՝ հակառակը, իսկ ամենէն դրական աննախընթաց երեւոյթը այն էր, որ այս կոմիտէն եղաւ առաջատար մը, թէ՛ սփիւռքահայ մտաւորականները մտերմացնելու զիրար, նոյնիսկ՝ սփիւռքահայ գրողները իրարու։
Այս բոլորին կառկարուն եւ անուանի նախագահներէն կարելի է յիշել վաստակաւորներ՝ Վարդգէս Համազապեանը, ու Կարլէն Դալաքեանը, որոնց դրոշմը շատ մեծ էր կոմիտէի վարկին ու վարքին վրայ։
Անկախութեան շրջանին, բարեբախտաբար ստեղծուեցաւ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ շուրջ ՏԱՍԸ տարի գոյատեւեց, իր բեղուն գործունէութիւններով, շնորհիւ «երկաթեայ բազուկ»՝ Դոկտ.-Փրոֆ. Հրանոյշ Յակոբեանի արգասաբեր եւ արդիւնաւէտ ներկայութեան եւ առաջնորդութեան, յաջողցնելով խորհրդաժողովներ, հանդիպումներ ու ներբերումներ, նոր շունչ ու լիցք տալով Հայաստան-Սփիւռք կենդանութեան վերականգնումներուն։
Այսօր, փոխանակ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները դառնային մնայուն ազդակներ ու կամուրջներ, համապատասխան ամուր յենակէտերով ու խարիսխներով, դժբախտաբար, հոն կը տիրէ, մեղմ ըսած, անբացատրելի եւ անհամոզիչ մակընթացութիւն մը։
Աւելին, Սփիւռքը ու սփիւռքահայութիւնը, որոնք գոյատեւած են եւ վերապրած, կառչած մնալով իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան կռուաններուն, ներկայիս, թէեւ կը մնան նոյն հորիզոնականներուն վրայ, սակայն, չկան այն գօտեպնդող վերաբերմունքները, անգին ջերմութիւնները, յուսադրելի համագործակցութիւնները, որոնք զիրենք կը պահեն զգօն ու զգաստ, կենդանի ու գերաշխոյժ, ի ծառայութիւն պատկան հօտերուն, համայնքներուն ու բնակիչներուն։
Անշուշտ, այս եւ նման տրամադրութիւններու պատճառները կան, բացատրելի ու զգալի են, բայց, այժմ, պիտի չծանրանամ ատոնց վրայ եւ կը զարմանամ, որ սփիւռքահայ շրջանակներ, գրիչներ եւ յատկապէս մամուլ, կը զլանան այս վէրքերուն վրայ ձեռք դնելու կամ արձագանգելու անոնց, համապատասխան դրական ելքեր առաջադրելով։
Ասիկա հսկայ ու լայնածաւալ թղթածրար մըն է, որուն պէտք է անդրադառնան գիտակներ եւ իրազեկներ, վերլուծաբաններ ու մեկնաբաններ, չափաւորական դրոյթներով, տրամաբանական եզրերով, առարկայական տուեալներով, հասնելու համար այնպիսի արդիւնքներու, որոնք միայն ու միայն կրնան կամ պէտք է ըլլան բարենշային։
֍֍֍
Այս համապարփակ, այլապէս սեղմ, գրառումներու կողքին, կայ նոյնքան մտահոգիչ, մշուշոտ ու ստուերոտ իրականութիւն մը եւս, որուն նկատմամբ կայ գիտակցութիւն եւ հասկացողութիւն բայց, չկայ տիրող իրավիճակէն դուրս գալու կամ լուրջ լուծումներ գտնելու հնարքներ։
Ատիկա Սփիւռքին, հետզհետէ թուլցող ու տկարացող պատկերն է, իր զանազան ելեւէջներով, բեւեռներով ու ծալքերով, որոնք կը յուշեն թէ ան, առնուազն, կը տառապի մելամաղձոտ կամ տատանուող յոյզերով, որոնք սկսած են վնասել՝ իր ապագայական կենսունակութեան ու թարմութեան սիւներուն։
Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումներուն, մօտեցումներուն ու զօրակցութիւններուն մասին կը խօսուի, արդարօրէն, բայց երբ ներսփիւռքեան լծակները «թուլութեան» նշաններ ցոյց կու տան, երբեմն ալ՝ յոգնածութեան, այն ժամանակ ինչպէս կարելի է մնալ առողջ, յարատեւել ու շնչել, յանուն ապագայի մը, որ կենդանութիւն, միասնականութիւն ու միաբանութիւն կրնայ բուրել բոլորին։
Պէտք է ըլլալ անկեղծ ու պարկեշտ, չպահուիլ մատներու ետին, ոչ ալ գլուխները խրել հողին տակ, երբ կը տեսնենք Սփիւռքին ու սփիւռքահայութեան ցիրուցանութիւնը, բաժան-բաժանումները, տեղաշարժերը, բազմագլուխութիւնները, տակաւին, գաղութներու պարպումները, գաղթականութիւնները, ազգային կառոյցներու նօսրացումները, բայց, մանաւանդ՝ նոր սերունդներու, ներկայ թէ գալիք, «անտէր-անտիրական» մնալու մտավախութիւնները, իրենց ասպարէզները չկորսնցնելու եւ առիթները չփախցնելու, իսկ գաղութներու պատասխանատու մարմինները, թէեւ չեն թերանար իրենց պարտականութիւններուն մէջ, բայց, ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնները անբաւարար են, իսկ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ առանցքները, միայն չարչարուած ու բեկորուած լոզունգներ են։
Իսկ երբ հայրենիքը, մխրճուած է իր գոյութեան գրաւականները վերականգնելու եւ ապահովելու ճիգերուն մէջ, մերթ ներքաղաքական-ներկուսակցական, այլեւ եկեղեցական պայքարներու յորձանուտներուն մէջ փորձելով ճախրել, միւս կողմէն ալ՝ Սփիւռքը ու սփիւռքահայը «լքելով» իրեն ճակատագիրին, այն ատեն ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ բառնալ այն դժուարութիւնները ու բարդութիւնները, որոնք չեն պակսիր, այլ՝ հետզհետէ կը շատնան ու կը բազմանան։
Աշխարհը, երէկուանը չէ, հայութիւնը՝ եւս, իր հայաստանեան ու սփիւռքեան հատուածներով, հո՛ն՝ լաւատեսութեան կողքին, կա՛յ նաեւ յոռետեսութիւն, հո՛ս՝ կառչածութեան կողքին, կա՛յ նաեւ մոլտութիւն, լա՛ւ, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ, գէթ հայութեան պարագային, Հայաստան-Սփիւռք կապերը ներդաշնակել, միաձուլել ու համադրել, երբ ատոնց պատրաստութեան ու կազմակերպութեան նախադրեալները, չկան չըսենք, բայց, հազիւ նշմարելի են, առանց դառնալու յուսադրական վէմեր, վերջապէս, այնքան ատեն որ՝ Հայաստանը տակաւին ի վիճակի չէ իր ներքին խաղաղութիւնը գտնելու կամ ներքին հասկացողութեան գալու, իսկ Սփիւռքն ալ «դատապարտուած մնալու է խօսքի ու գործի» սահանքներուն միջեւ, կը դժուարանանք «յոյսի ու լոյս»ի շողերով ապրելու կարելիութիւններէն, եթէ այս ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ պիտի չզգաստացնէ… Հայաստանին, իսկ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ… Սփիւռքին։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)