Լիբանանեան «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասէմ յայտնած է, որ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ կուսակցութեան ձգտումը իր երեսփոխաններու քանակը շատցնելը չէ, այլ խորհրդարանական նիստերուն իր դաշնակիցներու ներկայացուցչութեան տոկոսը ընդարձակելը:
«Ռոյթըրզ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ շիիթ ղեկավարը նաեւ նկատել տուած է, որ աննշան փոփոխութիւններ կը կանխատեսէ յաջորդ կառավարութեան ձեւաւորման մէջ, սակայն կանուխ կը համարէ յաջորդ վարչապետին անուան մասին խսիլը:
Ան նաեւ նշած է, որ «Այս ընտրութիւնները Լիբանանի քաղաքական ուժերուն մէջ մեծ փոփոխութիւն պիտի չառաջացնեն, միակ փոփոխութիւնը, որ պիտի ըլլայ կարգ մը ուժերու պատգամաւորներու թիւի նուազումը՝ ի շահ այլ խումբերու, սակայն այս փոփոխութիւնները արմատական ձեւով պիտի չազդեն կառավարութեան կառուցուածքին եւ նախարարներ ընտրելու կամ վստահութեան քուէ առնելու գործընթացներուն վրայ: