image

Շատ հեշտ է Երեւան նստիլ եւ Սրբազանը մեղադրել . Պոլսահայ

Շատ հեշտ է   Երեւան նստիլ  եւ Սրբազանը  մեղադրել . Պոլսահայ

«Իմ կարծիքով  ոչ ոք իրաւունք ունի  Պատրիարքական աթոռը վարկաբեկելու»,- «Արեւելք»ին ըսաւ պոլսահայ Ռոմանոս Ճիզվէճեան: Անոր կարծիքով   պատրիարքական տեղապահը  ոչ միայն ինքզինք, այլ ամբողջ  պոլսահայութիւնը կը ներկայացնէ:  «Կրնայ ըլլալ, որ մեր  տեղապահը կամ, որեւէ այլ պատասխանատու  սխալ  գործած ըլլայ, բայց  ատի չի նշանակեր, որ Պոլսէն  դուրս ապրողները  անարգալից խօսքեր  պէտք է ըսեն Տ. Արամ Սրբազանին  հասցէին: Քիչ չեղան  այն   կրօնաւորները, որ  իրավիճակը  ճիշդ գնահատեցին  եւ    ըսին, որ    Պոլսոյ մէջ  այս պաշտօնը   կատարելը  կրակէ  շապիկ հագուելու պէս բան է: Նամակը գրուած է այո, բայց ոչ ոք հարցուց, թէ Արամ Սրբազանը ինչ պայմաններու  կամ  ճնշումներու տակ գրած է  այդ նամակը,  կամ  ինչ նպատակով   ան ստորագրած է  այդ նամակը»: Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ  պոլսահայութեան քանի՞ տոկոսը  կ'ընդիմանայ Արամ Սրբազանի վարմունքին,   Ռոմանոս Ճիզվէճեան ըսաւ. «Շատ բնական է, որ   մեր մօտ ալ  այս  խնդրին վերաբերեալ թէր եւ դէմ կարծիքներ   կա,    բայց իմ կարծիքով   Արամ Սրբազանի   արարքին դէմ են  պոլսահայութեան  25 առ հարիւրը,  իսկ  մեծամասնութիւնը    իր զօրակցութիւնը   յայտնեց     տեղապահին»: Անՙ խօսելով   Երեւանի մէջ Արամ Սրբազանին դէմ բողոքի ցոյց ընելու  մասին   տեղեկութիւններունՙ   նշեց ՝ «Հեշտ է Երեւան նստելով   Արամ Սրբազանը մեղադրել ու քննադատել:  Հեշտ է ցոյց ընել, պոռալ,  դատապարտել, բայց դժուարը Պոլիս  ապրիլն է: Թող  գան    հոս ցոյց թող ընեն, Հայաստանի մէջ  ամէն բան կարելի է ընել, քաջութիւնը  Պոլսոյ մէջ  ատիկա ընելն է»:  Ռոմանոս Ճիզվէճեան  նաեւ  նշեց,    անցնող օրերուն մեծ թիւով պոլսահայեր     այցելած են  պատրիարքարան եւ իրենց նեցուկը    յայտնած     պատրիարաքական ընդհանուր  տեղապահին: «Ինչ  ալ ըլլայ, մեր Սրբազանն է, եւ  մենք  պարաւոր ենք  յարգելու  զինք»: