image

«Շատ դրական եւ խանդավառ հայեացք ունիմ Հայաստանի հանդէպ. Գանատա կեցութիւնս երկարաժամկէտ պիտի չ′ըլլայ». Նիկոլ Գույումճեան

«Շատ դրական եւ խանդավառ հայեացք ունիմ Հայաստանի հանդէպ. Գանատա կեցութիւնս երկարաժամկէտ պիտի չ′ըլլայ». Նիկոլ Գույումճեան

«Ըստ իս, եթէ հայր մը իր զաւակը կու լայ եւ չի կրնար գոյատեւել Հալէպի մէջ, ի՞նչ պէտք է ընէ, եթէ ոչ հեռանալ հոնկէ: Այդ մարդը այդպիսով ճիշդ քայլ առած կ′ըլլայ: 21-րդ դարը կ′ապրինք, համաշխարհային զարթօնք կայ, աշխարհը պզտիկ քաղաքի մը վերածուած է: Հայրենասիրութիւնը բառախաղ դարձած է: Մարդ պիտի գոյատեւէ, պիտի յառաջդիմէ, պիտի  զարգանայ: Երբ այդ պայմանները չկան ապրած վայրիդ մէջ, ուրեմն դիրքդ պիտի փոխես: Ես լրիւ այս տեսակէտին համաձայն եմ»,-«Արեւելք»-ին ըսաւ երկար տարիներ Հայաստան ապրած, շուրջ մէկ տարի առաջ Գանատա տեղափոխուած, սուրիահայ լուսանկարիչ Նիկոլ Գույումճեան: «Հայաստանի մէջ գործերս լաւ կ′ընթանային, բայց ուզեցի արկածախնդրութիւն մը ապրիլ, յատկապէս այս շրջանին, երբ սուրիահայերուն լաւագոյն առիթ կ′ընծայուի Գանատա տեղափոխուելու: Իբր հալէպահայ, դիմումի թուղթերս ներկայացուցի եւ վաւերացուեցան»,- կը պատմէ Նիկոլ:  

Գույումճեան, Գանատա հասնելով, առաջին շրջանը անցուցած էր Թորոնթօ նահանգին մէջ, ուր կը գտնուէին իր հարազատները: Ան որպէս նոր միջավայրի ծանօթացման հանգրուան, սկսած էր շրջիլ քաղաքի փողոցները, ծանօթանալ հարազատներու աշխատատեղիներուն, որմէ ետք անցած էր Մոնթրէալ, ուր, ինչպէս կ'ըսէ ան, շատ բարեկամներ կարօտով զինք կը սպասէին:

«Հալէպէն տեղափոխուած հայերը, իհարկէ, սկիզբը կը շուարին՝ Մոնթրէա՞լ հաստատուիլ, թէ՞ Թորոնթօ: Շատերու համար տարբերութիւններ կան, բայց իմ համար մէկ է: Վայրէջքս Թօրոնթօ էր, ուստի կ'ուզեմ ամէն ինչս ալ հոս ըլլայ»,-ըսաւ «Արեւելք»ի զրուցակիցը, նշելով, որ Գանատա հաստատուելու որոշումը 100 տոկոս ստոյգ չէ: «Ապագան ի՞նչ կը բերէ, չենք գիտէր. յանկարծ կրկին Հայաստան կրնամ վերադառնալ: Ես դրական եւ խանդավառ հայեացք ունիմ Հայաստանի նկատմամբ: Այստեղ կացութիւնս երկարաժամկէտ պիտի չ′ըլլայ, պարզապէս ապագան տնտեսապէս ապահովելու համար է այս քայլը: Վստահ եմ, որ պիտի վերադառնամ Հայաստան: Սփիւռքահայերու այդ տրամաբանութեամբ չէ, որ «մեռնիմ, ինձ Հայաստան տարէք»: Այդպիսի բան չկայ: Բոլոր ընկերներս գիտեն՝ ես Հայաստանը որքան շատ կը սիրեմ: Շրջան մը վերջ վստահ պիտի վերադառնամ: Չես գիտէր ինչ կ′ըլլայ: Կրնայ ըլլալ հոս չյարմարուիմ եւ շուտով վերադառնամ, կրնայ ըլլալ տեղաւորուիմ, աշխատանքի մը ձեռնարկեմ ու ժամանակը երկարի»,-նշեց նախկին երեւանաբնակ հայորդին:

Գանատա տեղափոխուած սուրիահայերու մասին Գույումճեան իր առաջին տպաւորութիւնները փոխանցեց, ըսելով, որ եկողները, զանազան խաւերու կը պատկանին, անոնց մէջ կան արհեստաւորներ եւ ուսման տիրապետողներ: Արհեստաւորներուն մեծամասնութիւնը, լեզուի իմացութեան դժուարութիւն ունենալու պատճառով ինքնաբերաբար, կը սկսին բողոքել, որովհետեւ կը դժուարանայ անոնց աշխատանք գտնելու գործը: «Այնքան ատեն, որ լեզուին չես տիրապետեր, իհարկէ, հեռախօսային աշխատանքներ չեն տար քեզի, բայց բանուորութեամբ կրնաս սկսիլ, մինչեւ փորձառութիւն շահիս եւ աւելի բարձր գումարներ վաստակիս»,- ըսաւ Նիկոլ, հաստատելով, որ այդ ամէնը կախեալ է անձի կարղութենէն, եւ Գանատայի ժողովուրդը շատ բարեհամբոյր է, ոչ մէկ խտրականութիւն կը դնէ ազգերու միջեւ, ըլլան անոնք սուրիացի, սեւամորթ կամ այլ:

Գանատա հասած, բայց դժգոհութիւն յայտնող սուրիահայերու մասին Գույումճեանի կարծիքը այն է, որ սուրիահայերէն շատեր իրենց կայուն կեանքը ունէին, ըլլայ իբր ժառանգ իրենց ծնողներէն ստացած կամ իրենց ճակտի քրտինքով վաստակուած: «Այդ իսկ պատճառով շատ կը լսես. «Մենք Հալէպ, թագաւորի պէս կ′ապրէինք» արտայայտութիւնը եւ այդ խաւը միշտ կը մտածէ Գանատայէն դուրս գալու եւ Հալէպ վերադառնալու, կամ այլ երկիրներ ուղղուելու մասին»,-նշեց ան, մեկնաբանելով, որ այս մէկը կ′ըլլայ լեզուի չիմացութեան կամ հայեացքի տարբերութեան պատճառով, որովհետեւ շատեր չեն պատկերացներ, որ պիտի գան այսպիսի հսկայ երկիր մը, օրէնքներով լեցուն, եւ պիտի հետեւին այդ բոլորին. «Մարդ կայ կ′ընդունի, մարդ կայ՝ ոչ»:

Խօսելով սուրիահայերու՝ գանատական կեանքին յարմարելու մէջ գանատահայութեան դերի մասին, «Արեւելք»ի զրուցակիցը հատատեց, որ անոնք սրտաբաց կ′ընդունին սուրիահայերուն: «Հակառակը խօսողը շատ կը սխալի: Ճիշդ է, որ քեզի ամսական գումարներ չեն յատկացներ, քանի որ իրենք ալ ունին իրենց կեանքն ու պարտաւորութիւնները, բայց իրենց կարողութեան սահմաններուն մէջ, ամէն գնով կը փորձեն աջակցիլ»,-ըսաւ ան, որպէս օրինակ նշելով այն, որ երբ սուրիահայեր տուներ կը վարձակալեն, գանատահայերը իրենց առաւելագոյնը կ′ընեն այդ տուները կահաւորելու համար. «Նոյնիսկ եթէ տան ամէն պարագաները չ′ամբողջանայ, կը բաւէ այդ բարեհամբոյր մօտեցումը, որպէսզի դուն քեզ հանգիստ զգաս եւ բնական լիցքով շարժիս»,-ըսաւ ան:

Երեւանէն տարի մը առաջ բաժնուած ըլլալով, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը բաղդատական չուզեր դնել երկու երկիրներու միջեւ: Ան, պարզապէս, օրէնքներու կամ ապրելակերպի համեմատութիւնները կը նկատէ:

Ինչ կը վերաբերի Հալէպի իր կեանքին, ան կը փորձէ իր մէջ լուսաւոր օրերու յիշատակը պահել եւ պատերազմի ամբողջ ընթացքին խուսափած է իր ծննդավայրի ծանր լուրերուն հետեւելէն: «Շատ խանգարող հանգամանք է ինծի համար, երբ լսեմ Հալէպի որեւէ շրջանի հրթիռակոծման կամ ռմբակոծման մասին լուրը: Այս մէկը կ′արգիլէ մեզ առաջ երթալէ: Հարազատներու լուրերը հեռաձայնային կապերով կը ստանամ, իրենց միայն լաւութիւն կրնանք մաղթել: Ոչ մէկ բան պիտի չփոխուի, եթէ լուրերը լսենք»,-ըսելով, Նիկոլ Գույումճեան եզրափակեց զրոյցը: