image

Ռուսաստան խանդավառուած չէ «Պայրաքտար» գնելով

Ռուսաստան խանդավառուած չէ «Պայրաքտար» գնելով

Ռուսաստանը չի պատրաստուիր Թուրքիայէն գնել «Պայրաքտար» յարձակողական անօդաչու թռչող սարքեր: Այս մասին «Ինթըրֆաքս» -ին յայտնած են Ռուսաստանի ռազմական համագործակցութեան դաշնային ծառայութենէն:

«Ռուսաստանը ներկայիս չի քննարկեր Թուրքիայէն «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքեր գնելու հնարաւորութիւնը, քանի որ ունի այս դասի «Օրիոն» սեփական անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք ոչ միայն կը մատակարարուին Ռուսաստանի զինուած ուժերուն, այլ նաեւ  կ'արտայանուին», - ըսած է ծառայութեան մամուլի քարտուղար Վալերիա Ռեշեթնիքովան: