image
Հրատապ լուրեր:

Շաբթուայ ընթացքին հակառակորդը հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 3000 կրակոց. ԱՀ ՊՆ

Շաբթուայ ընթացքին հակառակորդը հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 3000 կրակոց. ԱՀ ՊՆ

27 Մայիսէն 2 յունիսն ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հաստատուած յարաբերական կայուն իրադրութիւնը էական փոփոխութիւններու չէ ենթարկուած:

Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 3000 կրակոց:

ՊԲ-ի առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն տիրապետել մարտավարական իրադրութեան եւ վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: