image

Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով Սոչի պիտի մեկնի

Սերժ Սարգսեան աշխատանքային այցով Սոչի պիտի մեկնի

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Օգոստոս 23-ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ռուսիոյ Դաշնութիւն` Սոչի, ուր հանդիպում պիտի ունենայ ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն, թէ կը նախատեսուի, որ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն շարք մը ոլորտներու վերաբերեալ, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական, մշակութային երկկողմ փոխգործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցեր, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այս տարուան Մարտին Ռուսիա կատարած պաշտօնական այցին ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքին:

Բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ժամանակ անոնք պիտի անդրադառնան նաեւ ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ ծիրէն ներս համագործակցութեան զարգացման հեռանկարին առնչուող հարցերուն:

Կը նախատեսուի, որ հանդիպման ընթացքին նախագահները կարծիքներ փոխանակեն միջազգային եւ տարածաշրջանային արդիական հարցերու, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ: