Այսօր առաւօտեան կայացած է Պոլսոյ պատրիարքութեան տեղապահի ընտրութիւնը: «Արեւելք»ը Պոլիսէն տեղեկացաւ, որ նոր տեղապահ ընտրուած է պատրիարքութեան եպիսկոպոսներէն Սահակ Մաշալեանը: Ան տեղապահի երկու թեկնածուներէն մէկն էր: Միւս թեկնածուն պատրիաքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանն էր: Այս ընտրութիւնը պէտք է տեղի ունենար անցեալ շաբաթ, սակայն անյայտ պատճառներով յետաձգուած եւ տեղափոխուած էր 4 յուլիսին։ Պատրիարքութեան նոր թեկնածուն, պատրիարքութեան գործերը վարելէ բացի, պէտք է նախապատրաստէ նաեւ Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքի ընտրութիւնը: Պոլսէն կը յայտնեն, որ համայնքը վերջապէս մօտ է պատրիարքի ընտրութեան:
Նորընտիր տեղապահը հաւատացեալներու շրջանին յայտնի է «Մեր սիրելի ուսուցիչը» բնորոշմամբ: Այդպէս ալ կը կոչուի անոր ֆէսյպուքեան էջը, ուր Սահակ եպս. Մաշալեանը պարբերաբար կը դիմէ իր հետեւորդներուն: Ան, մինչ այս ընտրութիւնը, Կրօնական ժողովի ատենապետն էր:

Ընտրութենէն ետք խմբային լուսանկար՝ պատրիարքական նստավայրին մէջ (Գում Գափու):
Լուսանկարը՝ «Ժամանակ» օրաթերթի
