image

Ռուսական օդուժը մէկ շաբթուայ մէջ կործանած է աահաբեկիչներու 1000 դիրքեր

Ռուսական   օդուժը մէկ  շաբթուայ մէջ  կործանած է  աահաբեկիչներու  1000 դիրքեր

 Ռուսական օդուժը անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին կործանած է Սուրիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչ զինեալներու 1000 դիրքեր: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր համարուող «Կրասնայա զվէստիա» պարբերականը վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը:

 

 Կը փոխանցուի նաեւ, որ ռուսական օդուժը կատարած է 360 թռիչք, որուն  կէսէն աւելին ծառայացուցած է ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ տրուած ուղղակ հարուածներու:

 

  Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ վեց տարուան պատերազմին ընթացքին ռուսական ուժեր Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքին ընդառաջելով առաջին անգամ ռազմական գործողութիւններու մասնակցիլ սկսան 30 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ:

 

  Երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ մղուող ռազմերուն ընթացքին եւ ռուսական ուժերու երեւելի նեցուկին շնորհիւ Սուրիոյ պետական ուժերը յաջողեցան մահացու հարուածներ տալ ահաբեկիչներուն եւ լայնցընել Սուրիոյ իշխանութեան տիրապետութեան տակ մտնող գօտիներուն տարածութիւնը: