Ռուսական օդուժը անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին կործանած է Սուրիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ գտնուող ահաբեկիչ զինեալներու 1000 դիրքեր: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր համարուող «Կրասնայա զվէստիա» պարբերականը վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ ռուսական օդուժը կատարած է 360 թռիչք, որուն կէսէն աւելին ծառայացուցած է ահաբեկիչներու դիրքերուն դէմ տրուած ուղղակ հարուածներու:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ վեց տարուան պատերազմին ընթացքին ռուսական ուժեր Սուրիոյ կառավարութեան խնդրանքին ընդառաջելով առաջին անգամ ռազմական գործողութիւններու մասնակցիլ սկսան 30 սեպտեմբեր 2015-էն սկսեալ:
Երկրի տարբեր հատուածներուն մէջ մղուող ռազմերուն ընթացքին եւ ռուսական ուժերու երեւելի նեցուկին շնորհիւ Սուրիոյ պետական ուժերը յաջողեցան մահացու հարուածներ տալ ահաբեկիչներուն եւ լայնցընել Սուրիոյ իշխանութեան տիրապետութեան տակ մտնող գօտիներուն տարածութիւնը: