image

Նախագահ Պայտընի օրով մեր դիրքերը աւելի նպաստաւոր են.Գրիգոր Խոտանեան

Նախագահ Պայտընի օրով մեր դիրքերը աւելի նպաստաւոր են.Գրիգոր Խոտանեան

«Արեւելք» ի հարցումներուն կը պատասխանէ Արեւմտեան Ամերիկայի ՍԴՀԿ օրկան՝ «ՄԱՍԻՍ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Գրիգոր Խոտանեան:

 

-Վերջին շրջանին կը նկատենք, որ ամերիկեան նոր վարչակարգը տարբեր վերաբերմունք ունի, եւ որոշակի աշխուժացում կը ցուցաբերէ Կովկասի մէջ ընթացող գործընթացներուն վերաբերեալ։ Ինչպէ՞ս է իրական պատկերը՝ Ամերիկայէն դիտուած:

Նախ ըսեմ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային վերջին իրադարձութիւնները ամերիկեան քաղաքական լայն շրջանակներուն մօտ, ինչպէս նաեւ մամուլի էջերուն վրայ նշմարելի չեն: Սակայն միւս կողմէ տեղեակ էք, որ հայամէտ քոնկրէսականներ՝ Ֆրանք Փալոնը, որ կը գլխաւորէ Քոնկրէսէն ներս հայկական յանձնաժողովը, ու նաեւ Ատամ Շիֆը յայտարարութիւններով հանդէս եկան, դատապարտեցին Ատրպէյճանի կատարած գործողութիւնները եւ յստակ պահանջներ ներկայացուցին Սպիտակ Տուն: Ճիշդ էք, որ Պայտընի վարչակազմը, ի տարբերութիւն նախորդ վարչակազմին, աւելի մօտէն հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ կովկասեան տարածաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն առընթեր։ Անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին տեսանք, թէ ինչպէս ամերիկեան պետական քարտուղարութիւնը սկիզբը խօսեցաւ սահմանազատման մասին, յետոյ աւելի խստացուց եւ սադրիչ գործողութիւններու մասին սկսաւ արտայայտուիլ, եւ անշուշտ ամէնէն կարեւորը նախագահ Պայտընի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Ճէյք Սալիվընի հեռախօսազրոյցն էր Ատրպէճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ: Ուրեմն, զգալի է, որ Ամերիկան այսուհետեւ Կովկասեան տարածաշրջանը առանձին պիտի չթողու Ռուսաստանին եւ կամ Թուրքիոյ, եւ ինքն ալ պիտի ձգտի իր խօսքը ունենալ այդտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ:

 

-Հայութեան տարբեր հատուածներուն մօտ, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, սկսած է աճիլ հակառուսական տրամադրութիւն, որ յաճախ ալ կ'արդարացուի Արցախեան պատերազմի ընթացքին Ռուսաստանի կողմէ աշխոյժ գործողութիւններու բացակայութեան փաստարկով: Կա՞յ այդպիսի բան, եւ արդեօք ինչքանո՞վ շահաւէտ է, որ հայութեան ստուար խաւեր սկսած են հակառուսական շեշտադրումներով հանդէս գալ:

Բաւական բարդ հարց է այս հարցը եւ այն տարբեր երանգներ ունի: Պատմականօրէն եւ մինչեւ օրս հայ ժողովուրդը Ռուսաստանը կը նկատէ իր բնական դաշնակիցը, սակայն այդ դաշնակիցը նաեւ ունի իր աշխարհաքաղաքական շահերը՝ աւելի լայն իամստով, որուն մէջ կ'իյնան նաեւ իր յարաբերութիւնները ոչ միայն Ատրպէյճանի հետ, այլ նաեւ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ հետ. ուրեմն, շատ կարեւոր է մեզի համար, որ Ռուսաստանի շահերը աւելի համընկնին Հայաստանի հետ, քան միւս երկու պետութիւններուն հետ: Եւ մենք Ռուսաստանէն ունինք ակնկալութիւններ, որոնք ինք պարտաւոր է իրագործել երկու առումներով՝ բարոյապէս եւ նաեւ իր շահերէն մեկնելով:

 

-Հայաստանի մէջ կայ նաեւ կարծիք մը, որ ի գին ամէն ինչի, Հայաստանը պէտք է նաեւ ակնկալէ Արեւմուտքի նեցուկը : Արդեօք այդ մէկը մեզի համար կործանարար չըլլա՞ր, հաշուի առնելով ռուսական կարծր կեցուածքները:

Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքէն օժանդակութիւն ստանալուն, այդ օժանդակութիւնը անպայմանօրէն Արեւմուտքի զօրքեր բերել չի նշանակեր՝ Հայաստան, այլ նաեւ՝ բարոյական, տնտեսական օժանդակութիւն, որոնք նաեւ կարեւոր դեր կրնան ունենալ Հայաստանի դիրքերու ամրապնդման ուղղութեամբ: Այլ խօսք, որ Ռուսաստանն ինչպիսի վերաբերմունք կրնայ ունենալ այս առումով։ Ըստ իս Ռուսաստան նաեւ պէտք է իր հաշիւները ըստ այնմ կատարէ, որպէսզի շարունակէ վայելել Հայաստանի, հայ հասարակութեան վստահութիւնը եւ համակրանքը՝ իր նկատմամբ:

Վերջին ամիսներու իրադարձութիւնները եկան որոշ յուսախաբութիւն առաջացնելու այդ ուղղութեամբ. մենք շատ աւելին կ'ակնկալէինք Ռուսաստանէն, սակայն տեսանք որ այդպէս չեղաւ եւ մենք որոշ առումով յուսախաբութիւն ապրեցանք, սակայն միւս կողմէ պէտք է ընդունինք, որ միջազգային քաղաքականութեան մէջ շահերու բախումը միշտ կայ եւ մենք պէտք է աշխատինք, որ Ռուսաստանի հետ մեր կապերը ըլլան ամուր, դաշնակցային կապերը պահպանուին, առանց անտեսելու եւ մերժելու նաեւ Արեւմուտքէն եկած որեւէ տեսակի օժանդակութիւն, մենք այդ օժանդակութիւնը մերժելու պարտաւորութեան տակ չենք:

 

-Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ամենաթէժ օրերուն Միացեալ Նահանգներ գոհացաւ միայն յայտարարութիւններով, խաղաղութիւնը խթանող խօսքերով հանդէս գալով, արդեօք այսօր իրավիճակը տարբե՞ր է, կամ թէ մենք կ'ուզենք տարբերութիւն մը տեսնել այսօր եղած յայտարարութիւններուն եւ անցեալի ընդհանուր կեցուածքին միջեւ: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք ընդհանուր դրութիւնը։

Նախորդ իշխանութեան վարչակազմի եւ այսօրուան իշխանութեան վարչակազմին միջեւ զգալի տարբերութիւն կայ ոչ միայն Հայաստանի, Կովկասի նկատմամբ վերաբերմունքի առումով, այլ նաեւ ընդհանրապէս ամբողջ աշխարհին համար։

Ամերիկան կը փորձէ վերադառնալ եւ ստանձնել ղեկավարի, առաջնորդողի իր դիրքերը, որոնք թուլացան անցնող 4 տարիներուն, քանի որ նախագահ Թրամփ կը հաւատար, որ նախապատուութիւնը պէտք է տրուի Ամերիկային։ Թրամբ նաեւ կը մտածէր, որ Ամերիկան աշխարհի ոստիկանը չէ, եւ եթէ Ամերիկան նիւթական շահ, ակնկալիքներ չունի, պէտք չէ միջամուխ ըլլայ այլ երկիրներու գործերուն կամ այլ տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն: Այդ ընդհանուր մօտեցումը շատ յայտնի էր նախորդ իշխանութեան օրօք, հակառակ որ պատմականօրէն Հանրապետականները շատ աւելի կարծր դիրք բռնած են արտաքին քաղաքականութեան նկատմամբ, քան՝ Դեմոկրատները. այսօր որոշ չափով դիրքերը շրջուած են եւ հանրապետականներն են որ կրաւորական կեցուածք ունին միջազգային իրադարձութիւններուն միջամուխ ըլլալու առումով: Սակայն իշխանութիւնը փոխուած է, Դեմոկրատները այսօր ամբողջական իշխանութիւն ունին եւ իրենց ձեռքն է Քոնկրէսի երկու պալատները եւ Սպիտակ տունը, հետեւաբար, նաեւ նկատի ունենալով որ դեմոկրատ քոնկրէսականներուն մեծ մասը հայամէտ կեցուածք ունի, հայերու հետ մնայուն շփումներ ունի, այդ բոլորը իրենց ազդեցութիւնը կ'ունենան Սպիտակ տան վրայ, որպէսզի վարչախումբը աւելի մօտէն առնչուի Ատրպէճան-Հայաստան սահմանին տեղի ունեցող զարգացումներուն, ինչ որ դրական է մեզի համար. մեր բարեկամները որքան շատ ըլլան, այդքան ի նպաստ մեզի է: Մենք տեսանք, թէ նախագահ Մաքրոնը ինչպիսի յստակ կեցուածք որդեգրեց, պահանջելով ատրպէյճանական զօրքերու դուրսհանումը՝ հայկական տարածքներէն, խօսեցաւ նաեւ ռազմական օժանդակութեան մասին, անշուշտ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ կամ հաստատումով, սակայն կարեւոր էր այդ արտայայտութիւնը Մաքրոնի կողմէ. մեծ պետութիւնները իրարու հետ իրենց յարաբերութիւններու ընթացքին երբ կովկասեան հարցն ալ քննարկեն, միշտ մեզի համար ատիկա կրնայ շահաւէտ ըլլալ, եւ մենք կը կարծենք, որ Պայտընի օրով մեր դիրքերը աւելի նպաստաւոր են, քան նախորդ չորս տարիներուն:

 

-Նախագահ Պայտընի բրօ-հայկական որոշումէն ետք մենք նկատեցինք Թուրքիոյ կողմէ որոշ տատամսում մը եւ որոշակի լռութիւն մը։Այս բոլորին լոյսին տակ, կը կարծէ՞ք որ Անգարա դարձեալ պիտի կարողանայ իր յարաբերութիւնները բարելաւել Միացեալ Նահանգներու հետ:

Այո, բոլորս ալ նկատեցինք, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման շուրջ Պայտընի յայտարարութենէն ետք նախագահ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ արձագանգը շատ աւելի զուսպ էր, քան ինչ որ եղած էր Եւրոպական այլ երկիրներու կողմէ ճանաչումէն ետք. ատոր համար կան մէկէ աւելի պատճառներ. առաջինը այն է, որ Էրտողան կը գիտակցէր, որ ինք նախկին յարաբերութիւնները չի կրնար ունենալ Պայտընի հետ, ինչ որ ունէր Թրամփի հետ. Թրամփի հետ մնայուն հեռաձայնային խօսակցութիւններու մէջ էր եւ նոյնիսկ ամերիկեան մամուլը զարմանք կը յայտնէր այդպիսի սերտ եւ մնայուն յարաբերութիւններու առկայութեան մասին, ոմանք այդ կը բացատրէին Թրամփի տնտեսական եւ պիզնես շահերով, որ ունի Թուրքիոյ մէջ, միւս կողմէ նաեւ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, դրամանիշը անկումի մէջ է եւ Էրտողանի համար շատ կարեւոր է, որ երկու տարի ետք տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն առաջ կարողանայ բարելաւել երկրի տնտեսութիւնը, իսկ Թուրքիան այդ նպատակին չի կրնար հասնիլ, եթէ շարունակէ Ամերիկային հետ առճակատման քաղաքականութիւն վարել:

Իսկ ինչ կը վերաբերի յարաբերութիւններու բարելաւման , ըստ երեւոյթին, Էրտողանի այս ռազմաշունչ յայտարարութիւնները, որոնք սկսան մի քանի տարի առաջ եւ կը շարունակուին այսօր եւ նաեւ այս մի քանի օրուայ ընթացքին՝ Իսրայէլ-Կազա զինուորական գործողութիւններու ընթացքին, մեծ վրդովմունք առաջացուցած են ամերիկեան քաղաքական շրջանակներու մօտ, որոնք այսօր արդէն կը դատապարտեն նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները եւ կ'ամբաստանեն զինք, որ կրակին վրայ իւղ կը թափէ, փոխանակ փորձէ մեղմել իրավիճակը: Ուրեմն, առայժմ հորիզոնին վրայ չերեւիր, որ Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութիւնները մօտիկ ապագային կրնան բարելաւուիլ, այդ ալ անշուշտ կը բխի մեր շահերէն, որ Թուրքիա մեկուսացուի Արեւմուտքի կողմէ եւ Արեւմտեան երկիրներ նաեւ Հայաստանը նկատեն այդ ընդհանուր դաշտին վրայ կարեւոր խաղացողներէն մին, որուն միջոցաւ կրնան նաեւ Թուրքիոյ հետ իրենց «հաշիւները մաքրել»։