Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ իր առաջադրանքներու կատարումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, խաղաղապահները հրադադարի ռեժիմի պահպանման շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կ'իրականացեն 27 դիտակէտի մէջ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:
Կը հաղորդուի, որ խաղաղապահները Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վեց շարասիւնի ուղեկցած են՝ տեղաշարժի ժամանակ. 4-ը Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններով, մէկը՝ Շուշի-Կարմիր շուկայ-Քաջար ուղղութեամբ, մէկն ալ՝ հակառակ:
Ռուս խաղաղապահները կը շարունակեն ապահովել քաղաքացիներու տեղաշարժը:
Խաղաղապահ զօրակազմի ճարտարապետա-սակրաւորական խմբաւորումները կը շարունակեն տեղանքի ականազերծման աշխատանքները: Վերջին մէկ օրուան մէջ չպայթած զինամթերքէ մաքրուած է 3 հա տարածք Մարտունիի շրջանին մէջ:
2020 թուականի 23 Նոյեմբերէն ի վեր չպայթած զինամթերքէ մաքրուած է 21 925 հա տարածք, 6573 քմ ճանապարհ, 1892 շինութիւն: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 25 677 պայթիւնավտանգ առարկայ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ