Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Ինչպէս կը հաղորդէ INTERFAX.RU-ն՝ յղում ընելով տեղի աղբիւրներուն, տեղի ունեցած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած են շարք մը ներքին քաղաքական հարցեր, այդ շարքին՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հրաժարականը: Խօսուած է նաեւ ոստիկանութեան կողմէ դէպի Ամուլսարի ոսկիի հանքավայր տանող ճանապարհներու բացման անհրաժեշտութեան մասին, որոնք արգելափակած են բնապահպանները եւ աքթիւիսթները:
ԶԼՄ-ներու տուեալներով՝ Օսիպեանը կասկած յայտնած է, որ ճանապարհներու բացման գործընթացը հարթ կ'անցնի, եւ ներկայացուցած է աքթիւիսթներու դէմ ուժի կիրառման վտանգները:
«Վարչապետը յայտարարած է, որ եթէ ոստիկանապետը ի վիճակի չէ, ապա գործողութիւնները կը ղեկավարէ ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատար Վահէ Ղազարեանը, որու թեկնածութիւնը կը դիտարկուի նաեւ ԱԱԾ տնօրէնի պատշօնի համար: Լարուած իրավիճակի մէջ անցած զրոյցը յանգեցուցած է անոր, որ Օսիպեանը հրաժարականի դիմում ներկայացնէ: Համապատասխան հրամանագիրը պիտի հրապարակուի վաղը՝ 18 սեպտեմբերին»,- հաղորդած են ԶԼՄ-ները: