Այսօր իր տունէն ձերբակալուած է ՀՅԴ անդամ, հասարակական գործիչ Արա Նախշքարեանը։
Այս մասին յայտնած է փաստաբան Ապրասիմ Աթոյեանը։
Ան տարուած է Հակափտածութեան կոմիտէ:
Նախշքարեանը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութեան Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն է, մտաւորական, արցախեան ազատամարտի մասնակից։ Ան «Հայաստան» դաշինքնով պատգամաւորի թեկնածու էր։
Լուրը հաստատած են նաեւ Հակափտածութեան կոմիտէէն, յայտնելով, որ ընտրակաշառք տալու, ստանալու դէպքերու առթիւ ՀՀ հակափտածութեան կոմիտէի կողմէ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս այսօր ձերբակալուած է «Հայաստան» դաշինքի ցուցակով պատգամաւորի թեկնածու հանդիսացած Ա.Ն.-ն։