Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ հարուածած է Կազայի հատուածի մզկիթի շէնքին մէջ գտնուող «Համաս»-ի զէնքի պահեստը։
«Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հարուածներ հասցուցած եւ ոչնչացուցած է «Համաս»-ի զէնքի քանի մը պահեստներ՝ Կազայի հատուածի կեդրոնական եւ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Կազայի հատուածի հիւսիսային մասին մէջ գտնուող զէնքի պահեստներէն մէկը գտնուած է մզկիթի մէջ»,– ըսուած է բանակի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը այս մէկը բնութագրած է որպէս եւս մէկ օրինակ այն իրողութեան, թէ Կազայի հատուածի մէջ գործող ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ինչպէ՛ս կ՚օգտագործեն քաղաքացիական ենթակառուցուածքները ահաբեկչական նպատակներով՝ զէնք պահելով խաղաղ բնակչութեան բնակավայրերուն մէջ, ներառեալ կրօնական հաստատութիւններու մէջ։
Մամլոյ ծառայութիւնը աւելցուցած է, որ հարուածներէն առաջ խաղաղ բնակչութեան նախօրօք նախազգուշացումներ տրուած են՝ անոնց վնաս հասցնելու վտանգը նուազեցնելու նպատակով։
Իսրայէլցի զինուորականներու տուեալներով՝ պահեստներուն մէջ պահուող զէնքը նախատեսուած էր Կազայի հատուածի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի զօրքերուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի խաղաղ բնակիչներուն դէմ գործածուելու համար։ Ան ոչնչացուած է՝ սպառնալիքը վերացնելու նպատակով։