Գերմանիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած է Պերլինի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի միջադէպը, որուն գլխաւոր կասկածեալը 21 տարեկան լիբանանեան ծագումով գերմանացի Ապտ Պալլութն է։
Ըստ գերմանական ոստիկանութեան եւ դատախազութեան՝ Պալլութը կասկածուած է Տիրկարթըն շրջանին մէջ՝ «Քրիստոֆըր Սթրիթ Տէյ»ի հպարտութեան երթի միջոցառումներուն մօտ տեղի ունեցած ինքնաշարժով բախման եւ դանակահարութեան գործողութեան մէջ։
Քննիչներու համաձայն՝ ան ինքնաշարժով մխրճուած է բազմութեան մէջ, ապա մեքենան ձգելէ ետք փորձած է դանակով յարձակիլ անձերու վրայ։ Դէպքին հետեւանքով մէկ կին մահացած է, իսկ շուրջ 29 հոգի վիրաւորուած են։
Լիբանանեան արմատներով գերմանացի
Ապտ Պալլութ ծնած էր 2005-ին Պերլին եւ ունէր գերմանական քաղաքացիութիւն, իսկ իր ընտանիքը ծագումով Լիբանանէն էր։
Ան Գերմանիոյ իշխանութիւններու ուշադրութեան տակ գտնուած էր դեռ պատանի տարիքէն՝ բռնութեան եւ գողութեան դէպքերու պատճառով։ Հետագային կասկածներ յառաջացած էին նաեւ ծայրայեղական շրջանակներու հետ իր հնարաւոր կապերուն շուրջ։
2022-ին Պերլինի դատարանը զինք մեղաւոր գտած էր բռնութեան եւ գողութեան դէպքերու համար։ Աւելի ուշ ան կասկածուած էր «Իսլամական պետութիւն» (ՏԱՀԵՇ) կազմակերպութեան միանալու փորձ կատարելու մէջ։
Ըստ իշխանութիւններու՝ 2025-ին ան փորձած էր հասնիլ Սուրիա՝ կազմակերպութեան շարքերուն միանալու նպատակով։ Ան Լիբանանի մէջ ձերբակալուած էր, իսկ ռազմական դատարանը անոր նկատմամբ սահմանած էր երեք ամսուան բանտարկութիւն։
Նախկին դատական գործ եւ բնակարանի խուզարկութիւն
2025-ի Նոյեմբերին Գերմանիա վերադարձէն ետք Պալլութ ձերբակալուած էր, իսկ 2026-ի Մայիսին գերմանական դատարանը զինք դատապարտած էր մէկ տարի եւ տասը ամիս բանտարկութեան՝ պետական անվտանգութեան դէմ վտանգաւոր արարք պատրաստելու եւ արգիլուած քարոզչական նիւթեր տարածելու մեղադրանքով։
Սակայն վճիռը վերջնական չէր դարձած, եւ ան ազատ արձակուած էր որոշ պայմաններով։
Յարձակումէն քանի մը օր առաջ ոստիկանութիւնը խուզարկած էր անոր բնակարանը՝ զէնքի կասկածով, սակայն միայն խաղալիք ատրճանակ մը գտնուած էր։
Սպաննուեցաւ ձերբակալութեան փորձի ընթացքին
Պերլինի յարձակումէն ետք գերմանական ուժերը լայնածաւալ գործողութիւն սկսած էին՝ կասկածեալը գտնելու համար։
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ Պալլութ գտնուած էր Պերլինի Շպանտաու շրջանին մէջ։ Ըստ ոստիկանութեան՝ ձերբակալութեան փորձի ընթացքին ան շարժուած էր յատուկ ջոկատի անդամներուն դէմ՝ ձեռքին սուր գործիք ունենալով, որմէ ետք ոստիկանները կրակած էին անոր վրայ։
Շտապ օգնութեան խումբերու փորձերը՝ փրկելու անոր կեանքը, ապարդիւն անցած էին, եւ ան մահացած էր տեղւոյն վրայ։
Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Տոպրինտը դէպքը բնութագրած է որպէս «իսլամական ծայրայեղական ահաբեկչական գործողութիւն»։
Քննութիւնը կը շարունակուի՝ պարզելու համար Պերլինի յարձակման ամբողջական հանգամանքները եւ արդեօք Ապտ Պալլութ գործա՞ծ էր առանձինն , թէ՞ ունեցած էր աջակցութիւն։