image

Արա Այվազեանի հրաժարման հանգամանքներուն մասին նոր տուեալներ

Արա Այվազեանի հրաժարման հանգամանքներուն մասին նոր տուեալներ

Արա Այվազեանը շատ կոշտ կերպով հասկցուցած է Փաշինեանին, որ ազգի դաւաճանի հետ պիտի չաշխատի: Այդ մասին թելեկրամեան իր ալիքին մէջ գրած է է «Նիւզ Մետիա հոլտինկ»ի հիմնադիր Արամ Գաբրիէլեանովը՝ մեկնաբանելով ԱԳՆ պաշտօնակատար Արա Այվազեանի հրաժարականը:

«Հայաստանի ԱԳՆ-ի մէջ իրավիճակի մասին: Տեղեկատուութիւնը հաստատուած է մի քան աղբիւրէ:

Նախ նախարար Այվազեանը հրաժարական տուած է Փաշինեանի այն խօսքերէն ետք, որ սահմանագծման եւ հողերը յանձնելու մասին դիրքորոշումը համաձայնեցուած է ԱԳՆ-ի հետ: Այվազեանը շատ կոշտ կերպով հասկցուցած է Փաշինեանին, որ ազգի դաւաճանի հետ պիտի չաշխատի: Նաեւ կտրականապէս հրաժարած են աշխատիլ Փաշինեանի հետ եւ հրաժարական տուած են Հայաստանի մի քանի առանցքային դեսպաններ: Հրաժարական տուած են ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Ռուսաստանի, Եւրոմիութեան, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանները: Բացատրութիւնը մէկն է. ԱԳՆ աշխատակիցները կտրականապէս դէմ են սահմանագծման, քանի դեռ յստակ չէ կարգաւորուած Արցախի կարգավիճակը: Ինչպէս ըսած են ԱԳՆ-ի մէջ, եթէ Փաշինեանը ստորագրէ դաւաճան պայմանագիրը, Արցախի մասին կարելի է մոռնալ: Իրադարձութիւններու մէջ այլասերութիւնն այն է այն, որ Փաշինեանը որոշած է կազմակերպել սադրանք եւ ներքաշել իր ինթրիկներուն մէջ ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան»,-գրած է ան: