Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետութեան «Ծովեզերեայ համերգներ» շարքի շրջածիրէն ներս, օրերս, պոլսահայ սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու Մեծ Կղզիի պատմական «Թաշ Մեքթէփ» մշակութային կեդրոնին մէջ ներկայացուցած է երաժշտական յիշարժան երեկոյ մը՝ արժանանալով երաժշտասէր հանրութեան ջերմ գնահատանքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Իսթանպուլի Մայր քաղաքապետութեան մշակոյթի բաժնի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի «Ծովեզերեայ համերգներ» շարքը, որու ծիրէն ներս, Մեծ Կղզիի պատմական «Թաշ Մեքթէփ» մշակութային կեդրոնը հիւրընկալեց սիրուած երգչուհի Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի համերգը։ Ձեռնարկը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց երաժշտասէր հանրութեան մօտ։
Մեղեդիները որոնք հնչեցին պատմական շէնքի տպաւորիչ մթնոլորտին մէջ, հանդիսատեսը առաջնորդեցին դէպի Անատոլուի բազմադարեան մշակութային յիշողութեան մէջ խորհրդանշական ճամբորդութեան մը։ Երեկոն վերածուեցաւ տարբեր լեզուներու, մշակոյթներու եւ երաժշտական աւանդութիւններու գեղեցիկ համադրութեան։
Մարալ Այվազ եւ իրեն ընկերացող նուագախումբը բեմ բարձրացան Մարմարա ծովուն վրայ մայրամուտի վերջին շողերու ուղեկցութեամբ։ Նուագախումբի երաժշտական ղեկավարն էր Արի Հերկել. անոր կողքին հանդէս եկան Սեւան Ինեափան, Չայան Եըլմազ, Շաքիր Ույկան եւ Մելիսա Տէմիրճի։ Երաժիշտներուն ներդաշնակ կատարումները եւ Մարալ Այվազի գեղեցիկ մեկնաբանութիւնը ամբողջ երեկոյի ընթացքին արժանացան հանդիսատեսին ջերմ գնահատանքին։
Յայտագրի առանցքը կը կազմէին Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլուի ժողովրդական երգերը, ինչպէս նաեւ հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ։ Բազմաթիւ երգեր հնչեցին նախ հայերէնով, ապա շարունակուեցան կամ աւարտեցան թրքերէն բառերով։ Այս լեզուական անցումները ո՛չ թէ արուեստական ընտրութիւն կը թուէին, այլ դարեր շարունակ նոյն աշխարհագրութեան մէջ կողք-կողքի ապրած ժողովուրդներու մշակութային բնական հաղորդակցութեան արտայայտութիւն։
Երգացանկին մէջ տեղ գտած էին ստեղծագործութիւններ, որոնցմէ շատերը տարիներ շարունակ լայն ճանաչում գտած են Թուրքիոյ մէջ՝ Ահմետ Գայայի, Սեզէն Աքսուի եւ այլ երգիչներու կատարմամբ, այդ իսկ պատճառով հայերէնով հնչած տողերը օտար չէին հանդիսատեսին համար։ Ընդհակառակը, ներկաները կարծես վերագտան վաղուց ծանօթ մեղեդիներուն աւելի հին եւ աւանդական լեզուական շերտերը։
Համերգի գլխաւոր պատգամը նոյնպէս ատիկա էր. Անատոլուի երաժշտական ժառանգութիւնը միակ ժողովուրդի մը սեփականութիւնը չէ, այլ արդիւնք է՝ դարերու ընթացքին հայերու, թուրքերու, յոյներու, քիւրտերու եւ այդ հողերուն վրայ ապրած բազմաթիւ այլ ժողովուրդներու համատեղ մշակութային աւանդին։ Մեղեդին կրնայ տարբեր լեզուներով հնչել, սակայն անոր մէջ արտայայտուած տխրութիւնը, սէրը, յոյսը եւ ուրախութիւնը կը շարունակեն մնալ նոյնը։
Երեկոյի վերջին բաժնի մէջ, մթնոլորտը աւելի խանդավառ դարձաւ։ Արագ կշռոյթներով երգերուն միացան հանդիսատեսի ծափահարութիւնները, շատեր ձայնակցեցան երգերուն, իսկ բակին մէջ կազմուեցան պարաշարքեր։ Քանի մը ժամուան համար «Թաշ Մեքթէփ»ի բակը վերածուեցաւ իսկական ժողովրդական տօնախմբութեան, ուր երաժիշտներուն եւ հանդիսատեսին միջեւ որեւէ սահման չէր մնացած։ Համերգը դիտելու եկած էին ո՛չ միայն Մեծ Կղզիի բնակիչները, այլեւ Իշխանաց միւս կղզիներէն երաժշտասէրներ։
Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճուի համերգը անգամ մը եւս հաստատեց որ երաժշտութիւնը կը շարունակէ մնալ ժողովուրդները իրարու մօտեցնող ամենազօրեղ լեզուներէն մէկը։
