image

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԺԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Ճաքարթայի մէջ՝ եկեղեցական հաղորդութեան եւ երկխօսութեան պատգամով

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԺԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Ճաքարթայի մէջ՝ եկեղեցական հաղորդութեան եւ երկխօսութեան պատգամով

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԺԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, իբրեւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն Խորհուրդի եղբայրական պատուիրակ, մասնակցեցաւ Ինտոնէզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ գումարուած Ասիոյ  Եպիսկոպոսաց Ժողովներու Միութեան (FABC) ԺԲ. Ընդհանուր ժողովին։ Իր ելոյթին ընթացքին Ամենապատիւ Հայրապետը շեշտեց եկեղեցական հաղորդակցութեան ամրապնդման, երկխօսութեան զարգացման եւ բազմազանութիւնը յարգող համամիութեան կարեւորութիւնը՝ կոչ ուղղելով Ասիոյ Եկեղեցիներուն դառնալու խաղաղութեան, հաշտութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջներ կերտողներ։

Ստորեւ այդ մասին «Արեւելք»ին յղուած թղթակցութիւնը՝ 

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2026-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որպէս եղբայրական պատուիրակ` ներկայացնելով Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն Պատրիարքներուն Խորհուրդը, մասնակցեցաւ Ասիայի Եպիսկոպոսաց Ժողովներու Միութեան (FABC) ԺԲ. Ընդհանուր Ժողովին, Ճաքարթա-Ինտոնէզիա, ուր ելոյթ ունեցաւ՝ շեշտելով եկեղեցական հաղորդութեան ամրապնդումը, երկխօսութեան զարգացումն ու Եկեղեցիին առաքելութեան մարմնացումը խաղաղութեան եւ միութեան ձգտող աշխարհի մը մէջ:

Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը սկսաւ խորին շնորհակալութիւն յայտնելով ժողովին մասնակցելու հրաւէրին համար` յայտնելով, որ այս հանդիպումը կը մարմնաւորէ «պարգեւներու փոխանակումի» ոգին, ինչպէս Սիւնհոդոդը կը խրախուսէ, եւ կը ներկայացնէ յոյսի կենդանի նշան մը, որ կ՚ամրապնդէ Արեւելեան եւ Ասիայի Եկեղեցիներուն միջեւ հաղորդութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Ան հաստատեց, թէ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիները, իրենց հոգեւոր եւ առաքելական հարուստ ժառանգութեամբ, Ասիայի ցամաքամասին անբաժան մասնիկը կը կազմեն եւ կը կիսեն Աւետարանի քարոզչութեան, մարդուն ծառայութեան եւ Քրիստոսի վկայութեան առաքելութիւնը այլազան հասարակութիւններու մէջ:

Ամենապատիւ Հայրապետը կենդրոնացաւ երեք հիմնական նիւթերու վրայ` ներշնչուած Սիւնհոդոսին եզրափակիչ փաստաթուղթէն:

Առաջինը՝ հոգիով երկխօսութիւնն իբրեւ եկեղեցական մօտեցում` խոր լսելու, համատեղ զանազանելու եւ Աստուծոյ կամքը փնտռելու սկզբունքին վրայ:

Երկրորդը՝ եկեղեցական կառոյցներու եւ գործընթացներու վերանորոգումը` թափանցիկութեան, հաշուետուութեան ու վստահութեան վերակառուցումին միջոցով:

Երրորդը՝ համամիութիւնը, որ կը յարգէ բազմազանութիւնը` շեշտելով, որ աւանդոյթներու, մշակոյթներու եւ տաղանդներու տարբերութիւնները բաժանումի պատճառ չեն հանդիսանար, այլ՝ հարստութեան աղբիւրներ են, որոնք կը մատնանշեն Սուրբ Հոգիին գործը եւ կը հարստացնեն Եկեղեցիին կեանքն ու առաքելութիւնը:

Իր խօսքն եզրափակելով` Ամենապատիւ Կաթողիկոս-Պատրիարքը յաջողութիւն մաղթեց ժողովին՝ հրաւիրելով Ասիայի Եկեղեցիները, ժողովին նշանաբանին համաձայն, «Սիւնհոդոսական փոխակերպութիւնն ու Եկեղեցիին առաքելութիւնը. կամուրջներ հանդիսանալ եւ կամուրջներ կերտել Ասիայի մէջ», ըլլալ երկխօսութեան ու հանդիպումի կամուրջներ, խաղաղութեան, հաշտութեան ու հաղորդութեան կերտողներ՝ ոչ միայն Եկեղեցիներուն միջեւ, այլ նաեւ ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ կրօններու միջեւ, որպէսզի Ասիայի Եկեղեցին շարունակէ կրել քրիստոնէական յոյսին պատգամն ու կենդանի վկայութիւնը տալ Քրիստոսի սիրոյ մասին՝ մեր ժամանակակից աշխարհին: