image

Ռուսական մօտեցումին հետեւանքով Հայաստանը կրնայ կորսնցնել պանիրի արտահանման եկամուտներու մեծ մասը

Ռուսական մօտեցումին հետեւանքով Հայաստանը կրնայ կորսնցնել պանիրի արտահանման եկամուտներու մեծ մասը

Հայաստանը կրնայ կորսնցնել պանիրի արտահանումէն ստացուող եկամուտներու աւելի քան 80%-ը, եթէ զրկուի ռուսական շուկայէն։

Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ ուսումնասիրելով ազգային վիճակագրական ծառայութիւններու տուեալները։

2025 թուականի արդիւնքներով, Հայաստանի՝ համաշխարհային շուկաներ պանիրի արտահանումէն ստացուած եկամուտը կազմած է 16,4 միլիոն տոլար։ Անկէ 13,5 միլիոն տոլարը ստացուած է Ռուսիա արտահանման շնորհիւ։

Այսպիսով, ռուսական շուկային բաժին ինկած է հայկական պանիրի արտահանումէն ստացուած եկամուտներու 83%-ը։

Ռուսիան ոչ միայն հայկական պանիրի խոշորագոյն գնորդն է, այլեւ միակ երկիրն է, որ տարուան իւրաքանչիւր ամիս միլիոնաւոր տոլարի արժողութեամբ հայկական պանիր ներմուծած է։

2025 թուականին հայկական պանիրի միւս խոշոր գնորդները եղած են Միացեալ Նահանգները (1,8 միլիոն տոլար) եւ Վրաստանը (670,9 հազար տոլար)։

 

Աւելի վաղ «Ռոսսելխոզնատզօր»-ը յայտնած էր, որ ժամանակաւորապէս պիտի սահմանափակէ Հայաստանէն Ռուսիա կաթնամթերքի բոլոր տեսակներու մատակարարումները։