image

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը՝ Գնալըի բաց երկինքին տակ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութիւնը՝ Գնալըի բաց երկինքին տակ

Պոլսոյ հայ համայնքի յիշողութիւնը, ինքնութիւնն ու հոգեւոր ժառանգութիւնը լուսարձակի տակ բերող «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը այս անգամ հասաւ  հայաշատ Գնալը կղզին։ Ամառնային մշակութային աշխուժութեան մթնոլորտին մէջ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ կազմակերպուած ցուցադրութիւնը դարձաւ ոչ միայն ֆիլմի դիտում, այլեւ համայնքային հանդիպում մը, ուր անցեալն ու ներկան կրկին անգամ իրարու հանդիպեցան՝ արժեւորելով Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի պատմական առաքելութիւնն ու շարունակականութիւնը։ Ստորեւ այդ մասին   ԺԱՄԱՆԱԿ պարբերականին մէջ հրապարակուած լրատւութիւնը։

 Օրերս Գնալըի բարձունքին ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը, որ արտադրուած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնին կողմէ: Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ տեղի ունեցաւ ցուցադրութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, ամրան շրջանին Գնալըի մէջ եռուն է համայնքային մշակութային կեանքը։ Այս մթնոլորտին մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» ժապաւէնը, որ անցեալ աշնան քաղաքիս հայահոծ թաղերուն մէջ ալ ներկայացուած էր։ 

Երէկ երեկոյեան կազմակերպուած ձեռնարկին ներկաներու շարքին էին Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քահանայ Տամատեան, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան եւ գործակից ընկերները, Ներսէսեան դպրաց դասու դպրապետ Արթուն սարկաւագ Թեքիրօղլու եւ այլ հիւրեր։ 

Ֆիլմը դիտուեցաւ վառ հետաքրքրութեամբ՝ մինչ աւարտին հակիրճ խօսքերով հանդէս եկան Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։ Այս փուլին Հայր սուրբը յուշա-նըւէր մըն ալ յանձնեց թերթիս խմբագիրին։

Յայտագիրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաներու միջեւ ստեղծուեցաւ ջերմ եւ անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։