Անցնող երկու օրերուն պատերազմական թէժ գօտիի վերածուած սուրիական Ռաս Իւլ Այն քաղաքը կը շարունակէ դիմադրել։ Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Արապիյա» կայանը յղում կատարելով YPG -ի մօտիկ կանգնող իր աղբիւրին։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռաս Իւլ Այնի մասին Թուրքիոյ կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները սուտ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։
Կը նշուի նաեւ, որ YPG-ի աղբիւրներ աւելի վաղ յայտարարած էին, որ թրքական ուժեր կարողացած են մուտք գործել Ռաս Իւլ Այնի շուրջ գտնուող քանի մը գիւղեր, այդ մէկը համարելով պարզապէս պատերազմական մարտավարութեան արդիւնք։