image

Ռաս Իւլ Այնը չէ ինկած, այլ կը շարունակէ դիմադրել

Ռաս Իւլ Այնը չէ  ինկած,  այլ   կը  շարունակէ   դիմադրել

Անցնող  երկու օրերուն  պատերազմական թէժ  գօտիի վերածուած սուրիական  Ռաս Իւլ  Այն քաղաքը  կը շարունակէ դիմադրել։  Այս մասին տեղեկութիւնը  տուած է «Ալ Արապիյա»   կայանը   յղում կատարելով   YPG -ի մօտիկ կանգնող իր աղբիւրին։

 Աղբիւրը նաեւ կը նշէ,  որ Ռաս Իւլ  Այնի  մասին  Թուրքիոյ կողմէ  կատարուած   յայտարարութիւնները     սուտ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան։

   Կը  նշուի  նաեւ, որ   YPG-ի   աղբիւրներ աւելի վաղ   յայտարարած էին, որ   թրքական ուժեր կարողացած են  մուտք  գործել   Ռաս Իւլ  Այնի      շուրջ  գտնուող քանի մը   գիւղեր,   այդ մէկը համարելով  պարզապէս պատերազմական   մարտավարութեան  արդիւնք։