Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց։
Աուն, որ նախարարներու ներկայութեան կարճ խօսք մը արտասանեց, նշեց, որ երկրին մէջ «Քորոնա» վարակի տարածումը դարձած է բաւական վտանգաւոր եւ այդ պատճառով ալ արտակարգ դրութիւն պիտի յայտարարուի։
Աուն նաեւ ողջոյնի խօսք ուղղեց երկրի առողջապական ոլորտի բոլոր պատասխանատուներուն, բժիշկներուն եւ հիւանդապահ-հիւանդապահուհիներուն, նշելով, որ անոնք կարեւոր եւ կենսական աշխատանք կը տանին «Քորոնա» վարակին դէմ ընթացք առած պայքարին։
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրավիճակը շուտով կը դառնայ անցեալի բնականոն հունին եւ լիբանանցինք կը շարունակեն իրենց ստեղծարար կեանքը։
Նշենք, որ «Քորոնա» վարակին հետեւանքով Լիբանանի մէջ զոհուածներուն թիւը հասած է 3-ի, իսկ վարակակակիրներունը անցած է 100-ը։
Յիշեցնենք, որ յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը առողջապահական արտակարգ դրութիւն է, որուն իրականացումը պիտի վստահուի երկրի բանակային ուժերուն։