image

«Քորոնա»ի նոր զոհ. Մահացած է Յակոբ Մանիսալը՝ «Յակոբ Ապի»ն

«Քորոնա»ի  նոր զոհ.  Մահացած է  Յակոբ Մանիսալը՝  «Յակոբ  Ապի»ն

Պոլսոյ  մէջ  «Քորոնա»  վարակի հետեւանքով  նոր  հայ  զոհ կայ: 

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ   Պոլսոյ  իր աղբիւրէն։

Մեր  աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ    քանի մը օր  առաջ  Յակոբ Մանիսալի մօտ  զգալի դարձած  են որոշ  անհանգստութիուններ, ինչի  համար ալ ան  փոխադրուած է հիւանդանոց։  Բժիշկներ իրենց կարելին  ըրած են՝    փրկելու համար  մեր հայրենակիցին կեանքը, սակայն  ան մահացած է: 

Կը նշուի  նաեւ, որ Անգարա  ծնած Մանիսալ փոքր տարիքին    փոխադրուած է Պոլիս,  ուր նետուած է  կեանքի  ասպարէզ  եւ աշխատած է  կոշկակար։

Իր   շրջանակին մէջ   սիրուած եւ յարգուած եւ որպէս «Յակոբ  Ապի»   ճանչցուած    Յակոբ զբաղած  է նաեւ սիրողական լրագրութեամբ, անոր   հրապարկումները  լոյս տեսած են՝ «Քէնթիմ Շիշլի»      թրքերէնով լոյս տեսնող  պարբերականին մէջ։

Կը նշուի նաեւ, որ   ներկայ պահու դրութեամբ  Յակոբ Մանիսալի  կինը    կը  բոլորէ  «Քարանթին»ի  ինքնամեկուսացման  փուլ մը։

Յակոբ Մանիսալի  շիջումով Պոլսոյ  մէջ    «Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած  մեր  հայ  հայրենակիցներուն    թիւը հասաւ 6-ի։