image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է աշխարհահռչակ ձեւաւորող՝ Ալպեր Էլպազը

Մահացած է աշխարհահռչակ ձեւաւորող՝  Ալպեր Էլպազը

Փարիզի մէջ մահացած է ձեւաորող Ալպեր Էլպազը, որ մեծ ճանաչում ձեռք բերած էր աշխատելով այնպիսի նորաձեւութեան տուներու մէջ, ինչպիսին են Lanvin-ը եւ Yves Saint Laurent-ը: Ինչպէս յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, ձեւաորողը մահացած է 59 տարեկանին:

Մահուան մասին լուրը հաստատած է ձեւաորողի գործընկերը, որու հետ վերջերս ստեղծած էին AZ Factory համատեղ ապրանքանիշը: Մահուան պատճառը դեռ յայտնի չէ:

Անոր գործընկերոջ խօսքով՝ նորաձեւութեան հարցով իւրայատուկ հայեացքներու շնորհիւ Էլպազն այնպիսի հագուստ կը ստեղծէր, որուն շնորհիւ «կանայք իրենց գեղեցիկ եւ հարմարաւէտ կը զգային»:

Էլպազ ծնած է Մարոք, մեծցած է Իսրայէլի մէջ: Էլպազը 1900-ականներուն աշխատած է Yves Saint Laurent նորաձեւութեան տան համար, իսկ 2001-ին դարձած է Lanvin նորաձեւութեան տան ստեղծագործական տնօրէնը: Անոր ձեւաորած զգեստները կրած են Հոլիուտի տարբեր ներկայացուցիչներ, ինչպէս օրինակ՝ Մերիլ Սթրիփ, Նիքոլ Քիտմըն, Ումա Թուրմըն, Տեմի Մուր: