image

Քեսապի ապահովութեան առումով համայն հայութեան միտքը հանգիստ թող ըլլայ. Վահէ Մահշիկեան

Քեսապի ապահովութեան  առումով  համայն հայութեան միտքը հանգիստ թող ըլլայ. Վահէ Մահշիկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  օրերս   Քեսապ  այցելած   Դամասկահայ  (արմատներով  Քեսապցի) գործիչ՝  Վահէ Մահշիկեանը:

 

-Ինչպէ՞ս է ներկայիս Քեսապի ապահովական վիճակը, մանաւանդ, որ վերջին շրջանին շատ կը լսենք Քեսապի սահմաններուն վրայ թրքական կուտակումներու կամ տարբեր շրջաններու մէջ ահաբեկիչներու աշխուժացման մասին: Ի՞նչպիսին  է այսօր  Քեսապի  ապահովական վիճակը:
 Քեսապի   ապահովութիւնը  կայուն  է  եւ   հաստատ,  այն  օրուընէ,  երբ  ահաբեկիչները  հեռացան  Քեսապէն  ու  շրջանի  գիւղերէն։   Սուրիական  բանակը  մտաւ ու  ազատագրեց  այս  շրջանները , բան մը, որ   ժողովուրդին  միտքը  հանգստացուց  եւ իրենց  կեանքը  բնականոն ապրելու  նոր  յոյսերու  դռներ  բացաւ։ 

 

- Ինչպիսի՞ն  է  ժողովուրդի հոգեբանական վիճակը, , ի՞նչ խնդիրներ, մտավախութիւններ ունի քեսապահայութիւնը  եւ արդեօք իրապէս շուարած վիճակ մը ունի։
Հայ  Ժողովուրդը  ուր  որ ալ գտնուի, նոյն ճակատագիրը կ'ունենայ եւ նոյն հոգեբանութեամբ կ'ապրի ...  Ցեղասպանութենէն փրկուելէ ետք հայը միշտ ձգտած է  աւելի  լաւ  կեանքի, լաւագոյնին  տիրանալու,  ըլլայ  ուսման,  գործի,  ունեցուածքի ու կենսամակարդակի առումով, եւ Քեսապցին  ալ նոյնպէս....։   Քեսապցիներու գաղթի  պատմութիւնը  նորութիւն մը   չէ,  բայց  ներկայիս աւելի դիւրին եւ  հնարաւոր եղաւ այն, քան  Սուրիոյ տագնապին  նախորդող տարիներուն։ Անշուշտ մեր հայրենակիցներուն   գաղթի դիմելուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ գործազրկութիւնը,  բայց  քեսապցիին  հողին  եւ  իր քեսապեան  յիշատակներուն  կապուածութիւնը  դեռ տոկուն  է,  չէ  խախտուած, եւ  երբ  վիճակը   ամբողջապէս կայունանայ ,  եթէ  ոչ բոլորը, ապա շատ շատերը  ետ   Քեսապ պիտի վերադառնան եւ այստեղ   շարունակեն  իրենց կեանքը։

 

-Քեսապէն դէպի Լաթաքիա , Հալէպ կամ Պէյրութ տեղաշարժ կա՞յ, այսինքն մարդիկ կը հեռանա՞ն իրենց տուներէն, թէ՞ ամէն ինչ բնականոն հունի մէջ է:

Նոր գաղթ չկայ, ոչ  ներքին, եւ  ոչ  ալ  արտաքին առումով։ Սուրիայէն  հեռացողները, գացին, մնացողներն ալ իրենք զիրենք աւելի ամրապնդեցին  Քեսապի մէջ, իրենց գործերը ծաւալելով, որոշեցին Քեսապ մնալ։

 

-Այսօրուան  լարուած վիճակը մինչեւ ե՞րբ կրնայ շարունակուիլ, այսինքն, ապագայի առումով, յոյսեր կա՞ն Քեսապի հետ կապուած, այն իմաստով, թէ  ե՞րբ իրավիճակը բնականոն հուն պիտի մտնէ, ի՞նչ է ձեր վերլուծումը:

  Սուրիոյ  միակ  բանուկ  սահմանային  կէտը  Թուրքիոյ   հետ՝  Քեսապի  անցակէտն  է եւ  նկատեցի,  որ օրական հարիւրաւոր  մարդիկ դէպի  Սուրիա  մուտք  կը  գործեն  Քեսապի  անցակէտէն, նաեւ հակառակ  ուղղութեամբ, ուստի այս  երեւոյթը  դրական  ցուցանիշ  կը  համարուի կայունութեան առումով. օդափոխութեան  եւ  հանգիստը անցընելու նպատակով դէպի Քեսապ հոսքը այսօր եւս մեծ  է:  Այդ առումով երբեք  մտահոգուելու  պատճառներ չկան, համայն  հայութեան միտքը հանգիստ  թող  ըլլայ  եւ եթէ Քեսապով  հետաքրքրուած  են, կրնան  գալ եւ վայելել  Քեսապի  գեղեցիկ բնութիւնը: Ըսեմ նաեւ, որ այսօր  Քեսապը  Սուրիոյ  ամենակայուն շրջանն է:

 

-Նաեւ կը տեսնենք, որ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ'ունենան Իտլիպի շուրջ, Սուրիոյ բանակը կ'առաջանայ այնտեղ, արդեօք այդ մէկը դրական պիտի ըլլա՞յ Քեսապի համար:

 

Սուրիական  բանակը  մտադրած  է  վերատիրանալ  ամբողջ  սուրիական տարածքներուն   ու նաեւ  ապահովէ   ժողովուրդին  վերադարձը  դէպի  իր  սեփական տունը եւ  հողը  .... Քեսապը,  այս  կողմանէ,  բախտաւորուած  եղաւ,  որ  ընդամէնը  միայն 87 տխրահռչակ  օրեր  ահաբեկիչներու  կողմէ  գրաւուած  մնաց,  մինչեւ  ազատագրումը՝  Սուրիական  բանակի եւ բարեկամ ուժերու  ջանքերով, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային  ազդեցիկ պետութիւններու  օժանդակութեամբ։ 

 

-Որպէս քեսապահայ, դուք եւ ձեր նման ձեռներեց մարդիկ, որ այժմ  Քեսապէն հեռու կ'ապրին, բնականաբար տուներ, կալուածներ ունիք,  երբեւիցէ  կը մտածէ  ձեր կալուածները վաճառելու մասին։
 

 

Երբեք. Ոչ մէկ անգամ մտածած եմ մեր կալուածները վաճառելու մասին։ Անձամբ, կը պատրաստուիմ  նոր զբօսաշրջային  ծրագիրներ  իրականացնել   նպաստելու   Քեսապի զարգացման, բան  մը որ կրնայ մեծապէս   նպաստել դէպի  Քեսապ հոսք  ապահովելու առումով։  Իսկ   Սոււրիայէն  արտագաղթելու  մասին ես  ընդհանրապես չեմ  մտածեր,  իսկ ինչ կը վերաբերի  իմ զաւակներուս,  ապա ապագային իրենք  թող որոշեն  իրենց ընելիքը։