Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթի քաղաքական վերլուծաբան Ամոս Հարէլ յօդուածով մը անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն:
Յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, թէ Սուրիոյ եւ Եմէնի մէջ տեղի ունեցող հրթիռակոծումերուն զուգահեռ դիւանագիտական բանակցութիւններ կ'ընթանան, դիտել տալով, որ Պուքամալի ռմբակոծումը սովորական դէպք չէր, այլ տեղի ունեցաւ այն պահուն, երբ Ռուսիա եւ Իսրայէլ բանակցութիւններ սկսած էին, տարածաշրջանի վերաբերեալ լուծումներ առաջարկելու:
Հարէլի կարծիքով, Պուքամալի ռմբակոծմամբ Իսրայէլ կը ցանկար շեշտել, թէ դիւանագիտական ջանքերը անյաջողութեան մատնուելու պարագային, ինք պիտի վերսկսի ռազմական գործողութիւններու:
Միւս կողմէ յօդուածագիրն անդրադարձած է Սէուտական Արաբիոյ կողմէ կիրառուող ջանքերուն, Ալ Հտէյտան վերստին իր տիրապետութեան տակ առնելու, դիտել տալով, որ Իրան Միջին Արեւելքի մէջ մեծ խնդիրներու առաջ կանգնած է, ԱՄՆ-ի կողմէ միջուկային համաձայնագիրը չեղարկելու եւ իր դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանուելու հետեւանքով:
Հակառակ այս բոլորին, Հարէլ համոզուած է, որ Իրան տակաւին իր բոլոր խաղաթուղթերը չէ սպառած, իսկ ԱՄՆ այս անգամ, աւելի քան երբեք, պատրաստ է հակամարտութեան դուրս գալու: