Անցնող 2 յունիսին Պունտեսթակի հայանպաստ որոշումէն ասդին Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ միջեւ երեւելի դարձած յարաբերութիւններու սրումէն ի վեր Էրտողան եւ Մէրքէլ կրնան հանդիպիլ: Այս մասին կը գրէ «Հիւրրիյէթ»ը, որ նաեւ կը նշէ, թէ երկու կողմերու դիւանագիտական կազմերը աշխուժ բանակցութիւններ կը վարեն երկու առաջնորդներուն միջեւ հանդիպումը հնարաւոր դարձնելու համար: Նշենք, որ հանդիպումը կրնայ կայանալ 8-9 յուլիսին` ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիիրներու առաջնորդներու՝ Վարշաւայի մէջ կայանալիք գագաթաժողովի ծիրէն ներս: