image

Ուքրանիան ստացաւ «Պայրաքտար»ներու առաջին խմբաքանակը

Ուքրանիան ստացաւ «Պայրաքտար»ներու առաջին խմբաքանակը

Ուքրանիան ստացած է թրքական առաջին Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ն: Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Թարանը:

Այժմ Ուքրանիոյ մէջ կը կատարեն համալիրի փորձարկումները տեղակայման վայրին մէջ, կը հաղորդէ «Ուքրաինսկայա պրաւտա»-ն:

 

«Շնորհիւ Bayraktar TB2 ԱԹՍ-ներու՝ Ռազմածովային ուժերը պիտի ստանան արդիւնաւէտ հսկողութիւն Սեւ եւ Ազովի ծովերուն մէջ, նաեւ հնարաւորութիւն պիտի ստանան խոցել հակառակորդի կառոյցները»,-ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ: