image

Պոլսոյ մէջ Արա Կիւլէրի գործերը ներկայացնող թանգարան պիտի բացուի (Լուսանկար)

Պոլսոյ մէջ Արա Կիւլէրի  գործերը ներկայացնող  թանգարան  պիտի բացուի  (Լուսանկար)

Պոլսոյ  մէջ   Արա Կիւլէրի  լուսանկարները ներկայացնող թանգարան մը պիտի բացուի: Այս  մասին լուրը կը փոխանցէ «Ժամանակ» օրաթերթը: Աղբիւրը նաեւ կը   գրէ, թէ  Պէյօղլու շրջանին մէջ  բացուելիք  թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին    անուանի լուսանկարիչին  գործերը, նոթագրութիւնները եւ անոր ստացած մրցանակներն ու պատուոյ նշանները: Նշենք, որ   այս ծրագիրը պիտի իրականացնէ   թրքական  «Տողուշ» կազմակերպութիւնը:  Թերթը նաեւ կը  յիշեցնէ, որ նոյնանուն ընկերութեան  հետ  համաձայնութիւն մը կնքած էր, որ սակայն աւելի ուշ  չեղեալ համարուած էր:  Արա Կիւլէրի ներկայութեամբ   օրերս կնքուած այս նոր համաձայնութեան   կնքումին ներկայ եղած են     «Տողուշ» ընկերութեան   գործադիր պատասխանատուներ՝   Ֆէրիտ Շահենք եւ  Հիւսնի  Աքհան:


Լուսանկարը ՝ Պոլսոյ  «Ժամանակ»էն