Պոլսոյ մէջ Արա Կիւլէրի լուսանկարները ներկայացնող թանգարան մը պիտի բացուի: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ժամանակ» օրաթերթը: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, թէ Պէյօղլու շրջանին մէջ բացուելիք թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուին անուանի լուսանկարիչին գործերը, նոթագրութիւնները եւ անոր ստացած մրցանակներն ու պատուոյ նշանները: Նշենք, որ այս ծրագիրը պիտի իրականացնէ թրքական «Տողուշ» կազմակերպութիւնը: Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ նոյնանուն ընկերութեան հետ համաձայնութիւն մը կնքած էր, որ սակայն աւելի ուշ չեղեալ համարուած էր: Արա Կիւլէրի ներկայութեամբ օրերս կնքուած այս նոր համաձայնութեան կնքումին ներկայ եղած են «Տողուշ» ընկերութեան գործադիր պատասխանատուներ՝ Ֆէրիտ Շահենք եւ Հիւսնի Աքհան:
Լուսանկարը ՝ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն
