Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակի նախարարութենէն ներս, 19 դեկտեմբերին, ժամը 15:35-ին «911» ծառայութիւն ահազանգ ստացած է, որ Երեւանի Հալապեան 19ա հասցէի վրայ գտնուող N1 Զինուորական կառոյցի երկյարկանի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է փլուզում. կայ տուժած, անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը:
Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական ջոկատները, Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ, Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնի արձագանգման խումբերը, հոգեբանական աջակցութեան բաժնի հոգեբանական խորհրդատւութեան գծով հրահանգիչը եւ Աղետներու բժշկութեան կեդրոնի հերթապահ բժիշկը: