ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի գլխաւորութեամբ, երեքշաբթի, 21 յուլիս 2026-ին այցելեց Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի:
Պատուիրակութիւնը առաջին հերթին շնորհաւորեց Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակը` վեր առնելով անոր ազգային բազմակողմանի դերակատարութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առանցք հանդիսացան Լիբանանի եւ հայութեան դիմագրաւած տագնապներն ու մարտահրաւէրները:
Պատուիրակութիւնը ներկայացուց լիբանանահայութեան ընկերային, տնտեսական, կրթական, առողջապահական եւ քաղաքական խնդիրները համախումբ ճիգերով եւ մէկտեղուած կարողականութիւններով դիմագրաւելու ուղղութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ի գործ դրած ջանքերը, նաեւ բարձր գնահատեց նոյն ուղղութեամբ վերապատուելի Հայտոսթեանի գլխաւորած կառոյցներուն ունեցած մեծ ներդրումը:
Վերապատուելի Հայտոսթեան ներկայացուց հոգեւոր, կրթական եւ ազգային ոլորտներուն մէջ իր գործունէութեան ընդմէջէն նկատուած երեւոյթներն ու ախտաճանաչումները` ողջունելով ճիգերու եւ ուժերու համախմբման ջանքերը:
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ շարունակական խորհրդակցութեան եւ գործակցութեան վաղուց կայացած յարաբերութիւնները շարունակելու հաստատումով:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն