Պառաւաքարի միջնակարգ դպրոցին մէջ հրաձգարան եւ դասասենեակներ անուանակոչուած են 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ անմահացած հերոսներուն` Հենզէլ Բաղդասարեանի, Կարէն Մարգարեանի, Արմէն Բրուտեանի եւ Սոս Սարգսեանի անուններով:
Դասասենեակներու անուանակոչման արարողութեան ներկայ եղած են Բերդի համայնքապետարանի աշխատակազմի քարտուղար՝ Յասմիկ Մելիքեան, Պառաւաքար գիւղի վարչական ղեկավար՝ Ռոլանտ Մարգարեան, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեան, Բերդի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Արամ քահանայ Միրզոյեան եւ հերոսներու ծնողներն ու հարազատները:
«Բերդ համայնքում մեր առաջին զոհը եղել է Կարէն Մարգարեանը` Պառաւաքարից, վերջինը հրաժեշտ ենք տուել մեր Հենզէլ Բաղդասարեանին` կրկին Պառաւաքարից: Մենք տեսել ենք տառապանքը, ապրումը, ցաւը նաեւ Սոսի եւ Արմէնի ընտանիքներում»,-նշած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ՝ Բագրատ Եպիսկոպոս Գալստանեան, ապա յիշած է պատերազմի ժամանակ նահատակուած Վաչական Մանուկեանի հօր` Խաչիկ Մանուկեանի խօսքերը, որ ըսած է որդին ճանապարհած ատեն. «Մենք իրաւունք չունենք հերոսապատումը ողբերգութեան վերածելու»: «Այո, մենք իրաւունք չունենք: Մեր սիրելի եղբայրներն ու զաւակները մեզ այդ իրաւունքը չեն տուել: Մենք իրաւունք չունենք նրանց սպանելու»,- շարունակած է առաջնորդը:
Պառաւաքարի մշակոյթի տան մէջ կայացած է նաեւ յուշ-ցերեկոյթ` նուիրուած պառաւաքարցի անմահ հերոսներու յիշատակին:
ՀՀ նախագահի հրամանագիրով` հայրենիքի պաշտպանութեան գործով ներդրած աւանդի, մարտական գործողութիւններու ընթացքին ցուցաբերած խիզախութեան եւ անմնացորդ նուիրումի համար պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ՝ Հենզէլ Բաղդասարեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով:
Մետալը յանձնուած է Հենզէլ Բաղդասարեանի հարազատներուն:
Լուրը՝ News.am-էն