image

Պոլիս. Սուրբ Խաչ դպրեվանքը միջազգային նոր վաւերացում ստացաւ

Պոլիս. Սուրբ Խաչ դպրեվանքը միջազգային նոր վաւերացում ստացաւ

Պոլսոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքը կարեւոր յաջողութիւն մը արձանագրած է միջազգային կրթական գործունէութեան մէջ։

Վարժարանը աշխարհի հեղինակաւոր կրթական կազմակերպութիւններէն՝ «Գոլէճ պօրտ»ի կողմէ ստացած է նոր վաւերացում մը, որով վարժարանը պաշտօնապէս կը միանայ միջազգային քննութիւններու եւ ակադեմական ծրագիրներու համակարգին՝ ընդարձակելով իր մասնակցութիւնը Էյ-Փի եւ Էս-Էյ-Թի ծրագիրներու գործընթացներուն։

Միաժամանակ, վարժարանը դասուած է այն կրթական հաստատութիւններու շարքին, որոնք ապագային, անհրաժեշտ չափանիշները ամբողջացնելէ ետք, կրնան դիմել Էս-Էյ-Թիի պաշտօնական քննական կեդրոն դառնալու համար։

Վարժարանի պատասխանատուներուն համաձայն, այս ձեռքբերումը կը ցոլացնէ կրթական այն ռազմավարութիւնը, որուն նպատակն է աշակերտները պատրաստել ո՛չ միայն տեղական, այլեւ միջազգային համալսարաններու պահանջներուն՝ ամրապնդելով կրթօճախին ներկայութիւնը համաշխարհային կրթական ցանցին մէջ։