Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրականապէս հերքած է երեխաները որպէս զինուոր հաւաքագրելու ԱՄՆ-ի մեղադրանքները: Յայտնած է Ahval-ը:
«Մենք ամբողջովին կը մերժենք Թուրքիոյ վրայ պատասխանատուութիւն դնելը՝ երեխաները բանակ հաւաքագրելու կապակցութեամբ: Թուրքիան երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հիմնական միջազգային մեքենականութիւններու մասնակից է, ներառեալ` ՄԱԿ-ի համակարգին, եւ այս ոլորտին մէջ մաքուր ծառայողական պատմութիւն ունի»,- ըսած է ԱԳՆ-ը:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Թուրքիան ներառած էր այն երկիրներու ցուցակին մէջ, որոնք կը մեղադրուին երեխաները որպէս զինուոր հաւաքագրելու մէջ: