image

Հաւատք ու աշխատանք

Հաւատք ու աշխատանք

 Հայր Պօղոս Արիս կը մնայ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ որպէս նուիրումի, կազմակերպչական կարողութեան եւ ազգային շինարարութեան խորհրդանիշ։

ատմութիւնը երբ կը կերտուի աղմուկով՝ անուններ շատ արագ կը մաշուին։ Բայց երբ ան կը կերտուի լուռ ծառայութեամբ, նուիրումով եւ հեռատես աշխատանքով, այդ անունները կը դառնան հիմնասիւներ։ Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի կեանքը այդպիսի հիմնասիւն մըն է։ Ան ոչ միայն ժամանակ մը ապրեցաւ, այլ ժամանակ մը կերտեց։

Այսօր, երբ կը յիշենք զինք, չենք յիշեր միայն անցեալի դէմք մը։ Կը յիշենք օրինակ մը։ Կը յիշենք այն համոզումը, թէ երբ անհատը իր կոչումը կը միացնէ ազգային գիտակցութեան եւ կազմակերպուած աշխատանքի, համայնքը ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլ կը բարգաւաճի։

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի յիշատակը կը մնայ ոչ միայն քարի կիսանդրիի մէջ, այլ՝ «հոգեւոր շէնքեր»ու , սերունդներու մէջ եւ ամէնէն առաջ՝ ազգային յիշողութեան մէջ։ Անոր կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ անապատը պարտէզի վերածելու համար հարկ է հաւատք, աշխատանք եւ անձնազոհ սէր։

 

 

Սպիտակ ձեռքեր Սփիւռքի հայ գաղթօճախներուն մէջ

Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ հայ կրօնաւորները շատ աւելին եղած են քան սոսկ խորանի սպասաւորներ։ Անոնք դարձած են ազգի վերապրումի լուռ ճարտարապետները։ Երբ ժողովուրդը բռնագաղթի, կորստեան ու անորոշութեան մէջ կը փորձէր նոր կեանք մը հիմնել, առաջին կազմակերպիչ ձեռքերը յաճախ հոգեւորականներու ձեռքերը եղած են։ Անոնք միայն պատարագ չեն մատուցած, այլ կազմակերպած են դպրոց, որբանոց, արհեստանոց, միութիւն, բուժօգնութիւն եւ անգամ բնակարանաշինութիւն։ Կրօնական պարտականութիւնը անոնց համար սահմանափակուած չէր խորանով․ անիկա դարձած է համայնքային կեանքի ամբողջական ծառայութիւն։

Ընկերային, հոգեւոր, կրթական, առողջապահական եւ նոյնիսկ տնտեսական պարտաւորութիւնները անոնք վերածած են կենսաձեւի։ Սեփականը մոռնալով՝ անձնական յարմարութիւնը, հանգիստը եւ երբեմն իսկ անվտանգութիւնը մէկդի դրած՝ ամբողջութեամբ նուիրուած են համայնքին։ Համայնքի հաւաքական բեռը դարձուցած են իրենց անհատական խաչը։ Ժողովուրդին մեծ ու փոքր հոգերը դարձած են իրենց ամէնօրեայ ապրումը, իսկ նեղութիւնները՝ իրենց ծառայութեան շարժիչ ուժը։

Կրօնական ուսմունքին կողքին անոնք դաստիարակած են կազմակերպուած միասնութեան գաղափարը՝ սորվեցնելով, թէ հաւաքական կամքով կարելի է անապատը պարտէզ դարձնել, կարելի է «սարեր շարժել»։ Անոնք իրենց օրինակով ապացուցած են, որ հաւատքը, երբ միացած է կազմակերպչական կամքին ու ազգային գիտակցութեան, կը ծնի հաստատութիւններ, կը կերտէ թաղամասեր եւ կը ստեղծէ ապագայ։

Այդ նուիրեալ անուններէն վառագոյներէն մէկն է Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսը, որ կը համարուի Պէյրութի հայութեան հիմնական կեդրոն հանդիսացող՝ Պուրճ Համուտի կերտիչներէն մէկը։ Ան մարմնաւորեց այն տիպարը, ուր հոգեւորականը նաեւ շինարար է, կազմակերպիչ, դաստիարակ եւ ազգային առաջնորդ։ Իր ծառայութեամբ ան փաստեց, թէ երբ հոգեւոր կոչումը կը միանայ ազգային գիտակցութեան, համայնքը ոչ միայն կը փրկուի, այլեւ կը ծաղկի։ 

 

Ինչպէ՞ս ծաղեցնել անապատը. Ոչ միայն կենսագրութիւն այլ համակ նուիրում 

 

 

Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման պատմութիւնը անքակտելիօրէն կապուած է Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան երախտաշատ զաւակներէն մէկուն՝ Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի անունին հետ։ Անոր կեանքը ոչ միայն հոգեւորականի ծառայութիւն էր, այլեւ ազգային, հասարակական եւ քաղաքական տեսլականով առաջնորդուած առաքելութիւն մը, որ խոր դրոշմ ձգեց Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ։

Ծնած 25 Յունուար 1889-ին՝ Հալէպ, ան պատանի տարիքէն կրթութեան եւ հոգեւոր կեանքի ուղին ընտրեց։ Ուսումը ստանալով Կ. Պոլսոյ մէջ եւ ապա մտնելով Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան՝ 1912-ին ձեռնադրուեցաւ քահանայ։ Սակայն պատմութիւնը անոր համար պատրաստած էր աւելի լայն առաքելութիւն։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, երբ հազարաւոր հայ գաղթականներ ֆրանսական նաւերով կը հասնէին Լիբանանի ափերը, անոնք կը գտնէին փակ դռներ։ Երկիրը տնտեսական եւ քաղաքական անորոշ վիճակի մէջ էր, եւ իշխանութիւնները կը տատամսէին նոր գաղթականներ ընդունելու հարցին մէջ։ Այդ ճակատագրական պահուն Զմմառու երկու միաբաններ՝ Հ. Պօղոս Արիսն ու Հ. Յակոբ Նեսիմեանը, կը դիմեն օրուան մարոնի պատրիարքին՝ Էլիաս Պետրոս Հուայէքին, որուն ազդեցութիւնը վճռորոշ էր։

Սկզբնական մերժումէն ետք, Հ. Պօղոս Արիսի յուզիչ եւ հեռատես պատասխանը՝ «Հայը անօթի չի մեռնիր, կրնայ քարէն իսկ ջուր հանել», կը փոխէ իրավիճակը։ Պատրիարքը կը համաձայնի միջամտել, եւ այսպէս Լիբանանի դռները կը բացուին հայ գաղթականներուն առջեւ։ Այս որոշումը պիտի դառնար լիբանանահայ գաղութի գոյութեան հիմնասիւներէն մէկը։

Հ. Պօղոս Արիս նշանակուեցաւ «Ազգային Միութեան» քարտուղար եւ վարիչ Քարանթինայի հայկական աւանին (Աւելի ճիշդը «Քարանթինայի քէմփ» Խմբ.՝ Ս. Արեան։ Ան իր ամբողջ եռանդը նուիրեց որբերու եւ անօթեւաններու խնամքին։ Պէյրութի Սիուֆի թաղին մէջ հիմնեց որբանոց մը (1923–1935), ուր շուրջ 300 որբեր զինք «Հայրիկ» կը կոչէին։ Ան ոչ միայն ապաստան տուաւ, այլեւ արհեստներու ուսուցմամբ ապահովեց անոնց ապագան՝ որբանոցը դարձնելով ինքնաբաւ հաստատութիւն։

Անոր մեծագոյն գործերէն մէկը Պուրճ Համուտի վերածնունդն էր։ Ամայի եւ խոպան տարածքը, իր նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպչական հմտութեամբ, վերածուեցաւ ծաղկուն քաղաքային կեդրոնի։ Ան եղաւ Պուրճ Համուտի առաջին հայ քաղաքապետը, բաժնեց զայն Ժտէյտէ շրջանի վարչական ենթակայութենէն եւ դրաւ հայկական քաղաքային ինքնակառավարման հիմքերը։ Ջրամատակարարում, կոյուղիներ, ճանապարհներ, բնակարանաշինութիւն, առողջապահական հսկողութիւն՝ այս բոլորը իրականացան անոր ղեկավարութեամբ։

1939-ին հիմնեց Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը, իսկ 1953-ին՝ Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ կառուցումը եղաւ ոչ միայն կրօնական, այլեւ ազգային ինքնութեան ամրապնդման քայլ մը։

Կեանքի վերջին տարիներուն ընտրուեցաւ Զմմառու վանքի մեծաւոր, ուր շարունակեց կրթական եւ հոգեւոր բարեփոխումներու իր գործը։ 24 Յունուար 1961-ին ան վախճանեցաւ Պէյրութի մէջ։ Անոր մահը սգաց ողջ լիբանանահայութիւնը, որովհետեւ ան մարմնաւորած էր նուիրումի, շինարարութեան եւ ծառայութեան իտէալը։

Երեսուն տարի անց, 27 Յունուար 1991-ին, Պուրճ Համուտի մէջ անոր կիսանդրին կանգնեցուեցաւ՝ յաւերժացնելու համար այն մարդուն յիշատակը, որ գաղթական ժողովուրդի բեկորները համախմբեց եւ զանոնք վերածեց կազմակերպուած, կենսունակ համայնքի։

Այսօր, երբ կը շրջինք Պուրճ Համուտի փողոցներով, կը լսենք Մեսրոպեան հայերէնը, կը տեսնենք դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ վաճառականական աշխոյժ կեանք։ Այս բոլորը լուռ վկայութիւններ են այն ճշմարտութեան, թէ մէկ մարդու տեսլականն ու կամքը կրնան պատմութիւն փոխել։

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս մնաց որպէս մաքրամաքուր հայ, օրինապահ լիբանանցի եւ ազգակերտ շինարար։ Անոր կեանքը դաս է, թէ նուիրումը եւ կազմակերպուած աշխատանքը կրնան անապատը վերածել ծաղկուն պարտէզի։

 Հ.Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս

(Կենսագրական համառօտ ակնարկ)

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիս ծնած է 25 Յունուար 1889-ին, Հալէպ, արմատներով՝ Մարտինէն։ 1902-ին մեկնած է Կ. Պոլիս, ուր ուսանած է Սեն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը եւ աւարտած իմաստասիրական ուսումը։ 1910-ին ընդունուած է Զմմառու Ս. Միքայէլ ընծայարան, իսկ 17 Մարտ 1912-ին ձեռնադրուած է քահանայ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ան իր ամբողջ ուժերը նուիրեց Լիբանան հասած հայ գաղթականներու կազմակերպման ու պաշտպանութեան գործին։ Զմմառու միաբան Հ. Յակոբ Նեսիմեանի հետ միջամտեց, որպէսզի Լիբանանի իշխանութիւնները ընդունին անօթեւան հայերը։ Անոր վճռական կեցուածքը նպաստեց լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման։

1923–1935 թուականներուն հիմնեց Պէյրութի Էշրեֆիէ-Սիուֆի որբանոցը՝ խնամելով շուրջ 300 որբեր։ Ստեղծեց արհեստանոցներ եւ ուսումնական կառոյցներ՝ որբերուն ինքնաբաւ ապագայ ապահովելու համար։ Հիմնեց նաեւ Պուրճ Համուտի «Սէն Կրէկուար» որբանոցը եւ 1925-ին՝ աչազուրկներու վարժարան մը։

Ան եղաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հիմնադիրն ու առաջին հայ քաղաքապետը։ Իր նախաձեռնութեամբ իրականացուեցան ջրամատակարարում, կոյուղի, ճանապարհաշինութիւն, բնակարանաշինութիւն եւ առողջապահական բարեփոխումներ։ Պուրճ Համուտը վերածուեցաւ ծաղկուն առեւտրական կեդրոնի։

1939-ին հիմնեց Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը։ 1953-ին կառուցեց Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին։ 1953–1957-ին ծառայեց որպէս Զմմառու վանքի մեծաւոր։

Վախճանեցաւ 24 Յունուար 1961-ին, Պէյրութ, եւ թաղուեցաւ Զմմառու միաբաններու դամբարանին մէջ։

 

Հայր Պօղոս Արիս կը մնայ լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ որպէս նուիրումի, կազմակերպչական կարողութեան եւ ազգային շինարարութեան խորհրդանիշ։

ատմութիւնը երբ կը կերտուի աղմուկով՝ անուններ շատ արագ կը մաշուին։ Բայց երբ ան կը կերտուի լուռ ծառայութեամբ, նուիրումով եւ հեռատես աշխատանքով, այդ անունները կը դառնան հիմնասիւներ։ Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի կեանքը այդպիսի հիմնասիւն մըն է։ Ան ոչ միայն ժամանակ մը ապրեցաւ, այլ ժամանակ մը կերտեց։

Այսօր, երբ կը յիշենք զինք, չենք յիշեր միայն անցեալի դէմք մը։ Կը յիշենք օրինակ մը։ Կը յիշենք այն համոզումը, թէ երբ անհատը իր կոչումը կը միացնէ ազգային գիտակցութեան եւ կազմակերպուած աշխատանքի, համայնքը ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլ կը բարգաւաճի։

Գերյ. Հ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Արիսի յիշատակը կը մնայ ոչ միայն քարի կիսանդրիի մէջ, այլ՝ «հոգեւոր շէնքեր»ու , սերունդներու մէջ եւ ամէնէն առաջ՝ ազգային յիշողութեան մէջ։ Անոր կեանքը մեզի կը սորվեցնէ, թէ անապատը պարտէզի վերածելու համար հարկ է հաւատք, աշխատանք եւ անձնազոհ սէր։

 

 Սագօ Արեան 

«Ժամանակ»/ Պոլիս

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...