Հակափտածութեան դատարանը ՀՅԴ անդամ, «Համազգային հայ կրթական ու մշակութային հիմնադրամի» Գիւմրիի գրասենեակի տնօրէն, արցախեան պատերազմներու մասնակից, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածու Արա Նախշքարեանի նկատմամբ կիրառեց տնային կալանք խափանման միջոցը:
Այս մասին յայտնած է անոր փաստաբան Հռիփսիմէ Գասպարեանը:
Մեղադրող կողմը պահանջած էր որպէս խափանման միջոց կիրառել 2 ամսուան կալանքը։
Յիշեցնենք, Արա Նախշքարեանի նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած էր հեռախօսազրոյցի գաղտնալսմամբ՝ ԱԺ ընտրութիւններուն նախորդող օրերուն։
Նախշքարեանը ձերբակալուած է երէկ առաւօտեան։ Գործի շրջածիրէն ներս ձերբակալած են նաեւ Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի Գիւմրիի մասնաճիւղի ուսանողուհի 21-ամեայ Մ․Մ․-ն, որ եղած է «Հայաստան» դաշինքի յանձնաժողովի անդամ։